Որոշումներ…
Պղտոր է մեր ապագան այս գաղութին մէջ, ուր մեզ կը շրջապատէ օտարութիւնը…
Իւրաքանչիւր յանձնառու լիբանանահայու նպատակներէն մէկն է պահպանել իր ինքնութիւնը եւ պայքարիլ ձուլումի դէմ: Իւրաքանչիւր լիբանանահայ որոշում ունի տալիք: Ոմանք կը փափաքին Լիբանան մնալ, իսկ ուրիշներ կը նախընտրեն ճամբորդել դէպի ուրիշ երկիրներ. վերջապէս, կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն ներգաղթել ու երթալ ապրիլ իրենց հայրենիքին գիրկը: Այս որոշումները կարեւոր դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ:
Խօսինք նախ անոնց մասին, որոնք կը փափաքին մնալ Լիբանանի մէջ: Անոնք կը մտածեն, որ այստեղ մնալով է, որ կրնան օգնել Հայաստանին ու զարգացնել գաղութային կեանքը` զայն բարելաւելով: Բայց պէտք է արհամարհել կարգ մը վտանգներ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը ձուլումն է: Ճիշդ է, որ պէտք է ծանօթանանք մեր շուրջիններուն մշակոյթին, լեզուին, սովորութիւններուն, բայց միաժամանակ պէտք չէ թոյլ տալ, որ անոնք տիրապետեն մեր վրայ: Արդարեւ, դժուար է ապրիլ օտարութեան մէջ, ունենալ արաբ բարեկամներ, դասընկերներ կամ գործընկերներ եւ չազդուիլ անոնցմէ: Դժուար չէ նկատելը, որ օրէ օր կը շատնան օտար ամուսնութիւններն ու օտար դպրոց յաճախող աշակերտներուն թիւը: Ուրեմն Լիբանանի մէջ մնալը շատ ճիշդ որոշում մըն է, տրուած ըլլալով, որ սփիւռքը Հայաստանի թիկունքն է. սակայն պէտք է անպայման պայքարիլ ձուլումին դէմ եւ թոյլ չտալ, որ օտարութիւնը մեր արեան մէջ անցնի:
Երկրորդ խումբը այն մասն է, որ կը ճամբորդէ Եւրոպա կամ Ամերիկա` այդտեղ հաստատուելու համար: Ընդհանրապէս երկրին վատ կացութիւնն ու անգործութիւնն են, որոնք կը մղեն երիտասարդութիւնը` ճամբորդելու դէպի այս կամ այն երկիրը ուսանելու համար, եւ անոնք հետագային այդտեղ հանգիստ գործ գտնելով` չեն վերադառնար Լիբանան: Այս որոշումը բաւական դժուար է, որովհետեւ ամբողջովին կը փոխէ անհատի մը կեանքը: Անշուշտ հպարտութիւն է հայութեան համար, երբ մեծ թիւով հայեր կ՛երթան դէպի Ամերիկա կամ Եւրոպա, ուր մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերեն: Բայց այդ երկիրներուն մէջ ալ ձուլումի վտանգը կայ: Այս անգամ հոն գացողները արեւմտեան մշակոյթին ձուլուելու վտանգի դիմաց կը գտնուին: Այս օտար երկիրները կարելի է բաժնել երկուքի. կան երկիրներ, ուր կը գտնուին հայկական դպրոցներ եւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս` Ֆրանսան, Քանատա եւ երկիրներ, ուր ասոնք գոյութիւն չունին, ինչպէս` Գերմանիա, ուր ձուլումի վտանգը ինքնաբերաբար աւելի է: Այս պարագային, այդտեղի հայերը, ուրիշ ճար չունենալով, իրենց զաւակները պիտի ղրկեն օտար դպրոցներ, եւ այսպէս, նոր սերունդը ծանօթ պիտի չըլլայ մեր պատմութեան, գրականութեան ու մշակոյթին: Ուրեմն հոն, ուր կայ հայութիւն, պէտք է աշխատիլ դպրոց բանալ, որպէսզի հայ մանուկը կարենայ սորվիլ հայերէն գրել ու կարդալ: Ուրեմն, երթալ ու հաստատուիլ Ամերիկա կամ Եւրոպա` դժուար է: Բայց մինչեւ այն ատեն որ այդտեղ հայկական գաղութ ու հայութիւն կան, հայ անհատը պիտի կարենայ կառչած մնալ իր արմատներուն, նոյնիսկ` դժուար պայմաններու մէջ:
Իսկ վերջին խումբը կազմուած է այն մարդոցմով, որոնք կ՛երազեն երթալ ու հաստատուիլ իրենց հայրենիքին մէջ: Կը կարծեմ, որ այս մէկը ամէնէն ապահովն է, քանի որ Հայաստանը միակ երկիրն է, ուր ձուլումի վտանգը գոյութիւն չունի: Հոն է, որ ամէն մարդ աւելի ու աւելի կը ծանօթանայ մեր պատմութեան, աշխարհագրութեան, թատրոնին ու մշակոյթին. հոն է, որ ամէն հայու մէջ կը վառի ազգասիրութիւնը:
Բայց դժբախտաբար քիչ են անոնք, որոնք այսպիսի որոշում մը կու տան: Հայաստանի մէջ ապրիլը թերեւս ապահով է, բայց` շատ դժուար: Գործ գտնելու դժուարութիւնը նկատելի է: Ոմանք իրաւունք ունին, երբ կ՛ըսեն, թէ չեն փափաքիր Հայաստան ապրիլ, որովհետեւ այդտեղ կեանքը շատ դժուար է: Ուրեմն Հայաստանի կառավարութիւնը իր երկիրը զօրացնելու համար, պէտք է աշխատի այս մտահոգութիւնը նուազեցնելու եւ ամէն ձեւով պէտք է օգնէ սփիւռքահայերուն գործ գտնելու եւ հոն հաստատուելու համար:
Միւս կողմէն, սփիւռքն ալ նոյնը պէտք է ընէ: Որպէսզի հայերը օտար երկիրներ չերթան գործ գտնելու համար սփիւռքն ալ պէտք է Հայաստանի մէջ գործի կարելիութիւններ ստեղծէ եւ այսպէս շատ սփիւռքահայեր, առանց տատամսելու, կը ներգաղթեն Հայաստան:
Քիչ չեն այն մարդիկը, որոնք գացած են Հայաստան եւ փորձած են ապրիլ հոն, բայց` ձախողած: Քիչ ալ չեն անոնք, որոնք յաջողած են: Լիբանանահայ Պեթի Փանոսեան կը կվայէ, որ Հայաստանի մէջ գործ գտնելու իր պարագան դժուարութենէ աւելի համբերել էր: Ընդամէնը քանի մը ամիս տեւեց, մինչեւ որ ան գործ գտնէ, սակայն ստիպուած եղաւ աշխատիլ շատ քիչ վճարումով: Հետագային է, որ անոր շատ աւելի լաւ գործի առիթներ եղան: Ան կը հաստատէ, որ` «երբ մէկը Հայաստան փոխադրուի, պէտք է իրականութիւնը ընդունի այնպէս, ինչպէս որ պիտի ընդունէր, եթէ փոխադրուած ըլլար ուրիշ որեւէ քաղաք»: Ճիշդ է, որ դժուար է կարճ ժամանակի մը ընթացքին հաւաքել ամբողջ հայութիւնը Հայաստանի մէջ, սակայն տարիներու ընթացքին է, որ Հայաստանի կացութիւնը կը բարելաւուի եւ կը համոզէ հայ ժողովուրդը, որ Հայաստանի մէջ են հոգեկան հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը:
Ուրեմն կարելի է ըսել, որ այս տարբեր որոշումները մեծ ազդեցութիւն ունին մեր ապագային վրայ: Մարդիկ տարբեր ձեւով կը մտածեն: Ոմանք կը նախընտրեն մնալ Լիբանանի մէջ կամ երթալ ուրիշ գաղութներ եւ այս ձեւով զօրացնել սփիւռքը: Իսկ միւս կողմէն` ուրիշներ համոզուած են, որ ներգաղթը ամէնէն լաւ ձեւն է զօրացնելու ու զարգացնելու Հայաստանը:
Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ հայ մարդը ո՛ւր որ ալ ըլլայ (բացի Հայաստանէն), պարտաւոր է պայքարիլ ձուլումին դէմ, որ մեր գոյատեւման թիւ մէկ վտանգն է:
Ամէն անհատ ի՛նք պէտք է որոշէ, թէ ուրկէ՛ կրնայ ամէնէն շատ օգտակար դառնալ Հայաստանին:


