2011-2012 Տարեշրջանին Պարսելոնայի Եկամուտը` 40 Միլիոն Եւրօ
Իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Պարսելոնայի նախագահ Սանտրօ Ռոսել պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 2011-2012 տարեշրջանին ակումբին եկամուտը եղած է 40 միլիոն եւրօ:
Ան ըսաւ, որ այդ գումարով Պարսելոնայի ունեցած պարտքը պիտի նուազի 340 միլիոն եւրոյի: Անոր կողմէ նախագահութեան պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր, ակումբին ունեցած պարտքը նուազեցաւ 80 միլիոն եւրոյով:
Ակումբին պատասխանատուները որոշած են ամբողջ պարտքը իջեցնել զերոյի: Սակայն չի նշուիր, թէ այդ մէկը որքա՛ն ժամանակ պիտի պահանջէ:
CATEGORIES Մարզական

