ՖԻՏԷ-ն Պառակտել Փորձելու Յանցանքով` Թուրքիոյ Ճատրակի Ֆետերասիոնը Կը Մեղադրէ Գասպարովը
Թուրքիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Ալի Նիհատ Եազըճը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ կը հրաժարի ՖԻՏԷ-ի փոխնախագահի իր պաշտօնէն, կը յայտնէ «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը` իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնէն:
Խօսելով իր հրաժարականին պատճառներուն մասին` ան ըսաւ, որ ատիկա հետեւանք է անոր, որ եօթը երկիրներու իրաւարարները հրաժարած են օգոստոս – սեպտեմբերին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի միջազգային Ողիմպիականի մրցումներուն իրաւարար ըլլալէ:
Բացի ատկէ, ան ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան Կերի Գասպարովը մեղադրեց ըսելով, որ ան կը փորձէ ՖԻՏԷ-ն պառակտել եւ ճամբան բանալ 2014-ի նախագահական ընտրութիւններուն` դառնալու համար ՖԻՏԷ-ի նախագահ:
CATEGORIES Մարզական

