Թենիս. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Հինգշաբթի, 12 Յուլիսին Մամլոյ Ասուլիս` Պրումմանա Ակումբին Մէջ
Հովանաւորութեամբ «Պեմօ» դրամատան, հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Պրումմանա ակումբին, 1-19 օգոստոսին նշեալ ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի թենիսի բաժակի մրցաշարքը:
Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգերու մրցումները. անհատական (տղաք եւ աղջիկներ), խառն զոյգ, զոյգ տղաք, վեթերաններ, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար (տղաք), վերջապէս` 14 եւ 18 տարեկանէն վար (աղջիկներ):
Այս մրցաշարքին զուգահեռ, 23-26 օգոստոսին նոյն ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արաբական բարեկամութեան թենիսի 3-րդ միջազգային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ տեղացի եւ արաբ մարզիկներու:
Նախքան այս մրցաշարքը, նոյն ակումբին մէջ 20-22 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան 12 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու դասընթացքներ:
Վերոնշեալ մրցաշարքերուն գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու իմաստով կազմակերպիչ ակումբը հինգշաբթի, 12 յուլիսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
Մրցաշարքին մասնակցիլ փափաքողները կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւին. 71-641743:

