Սլովենիոյ Մէջ Մովսիսեան Նշանակեց Քրասնոտարի Առաջին Կոլը
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սլովենիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Քրասնոտար, որ կատարեց իր երկրորդ բարեկամական մրցումը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Անիկա իր յաղթանակը արձանագրեց նոր Ա. դասակարգ բարձրացած սլովենիական ակումբին` Ալիումինիումի դէմ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային վտանգաւոր յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան շարունակելով իր տպաւորիչ ելոյթները, նշանակեց Քրասնոտարի եւ մրցումին առաջին կոլը` 19-րդ վայրկեանին:
CATEGORIES Մարզական

