Հայկական Հրթիռները Դիւրութեամբ Կրնան Հասնիլ Պաքուի Քարիւղամշակման Գործարաններ

Թենոք

Եւրոպական Միութեան տեղեկատուական կայքէջին` «Եուրաքթիվ»-ին մէջ, «Եւրոպայի վտանգաւոր հանդուրժողականութիւնը Կովկասի մէջ տիրող լարուածութեան հանդէպ» խորագիրով անդրադարձ ներկայացուցած է Եւրոխորհրդարանի բրիտանացի երեսփոխան Չարլզ Թենոք: Ան նկատել տուած է, որ հայ-ազրպէյճանական վերջին զարգացումները «արտաքին քաղաքականութեամբ զբաղող մասնագէտներու շրջանակներէն դուրս եղողներուն համար գրեթէ աննկատ կը մնան»:

«Վերջին 2 ամիսներուն ընթացքին տասնեակ մը ծանր միջադէպեր տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ® այս անգամ տասնէ աւելի զինուոր սպաննուած է, եւ արտաքին քաղաքականութեան այն մասնագէտները, որոնք տակաւին կը պնդեն, որ «սառեցուած հակամարտութիւններ»-ը ննջող հարցեր են, եւ որ կարելի է անվտանգ նկատելով` արհամարհել զանոնք, պէտք է լաւապէս գիտնան, թէ այս զարգացումներուն կէսը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին տեղի չէ ունեցած, այլ` 2 պետութիւններու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն վրայ: Երկուքն ալ Եւրոպական մերձեցման քաղաքականութեան եւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան մաս կը կազմեն»:

Ըստ Թենոքի, «այս վերջին լարուածութենէն կու գայ այն նոյն հոտը, ինչ որ կու գար 2008-ին` վրացական-ռուսական պատերազմէն առաջ արձանագրուած լարուածութենէն. տարիներ շարունակուող աւելի փոքր բազմաթիւ դէպքերէ ետք միջազգային հանրութիւնը կը վարժուի որոշակի անկայունութեան», կը գրէ երեսփոխանը:

Յօդուածագիրը նաեւ կանխատեսումներ ընելով` կը գրէ. «Հակառակ Եւրոպայի կողմէ «երկու կողմերուն ուղղուած զսպուածութեան կոչերուն», յանկարծ կրնան պատերազմական իսկական գործողութիւններ ծաւալիլ»:

Յօդուածագիրին համաձայն, պատերազմը միայն Ազրպէյճանին համար անհրաժեշտ է. «Յանկարծակի պատերազմի յանգեցնող վտանգով զօրքերու կողմէ առնուած քայլ միայն Ազրպէյճանի կողմէ կրնայ ըլլալ: Միայն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ իր կառավարութիւնը բացէ ի բաց եւ շարունակաբար պատերազմ կը սպառնան իրենց դրացիին, մինչդեռ Հայաստանը չունի եւ տրամաբանօրէն նման շահ չ՛ունենար ալ»:

«Սքուտ-Պի» տիպի հրթիռները՝ Ստեփանակերտի մէջ զօրահանդէսին

Յօդուածագիրը կ՛ընդգծէ, որ Ազրպէյճանին պատերազմը ձեռնտու չ՛ըլլար նաեւ այն առումով, որ այդ երկիրը կը վտանգէ իր քարիւղատարները եւ քարիւղաարդիւնահանման ոլորտը, իսկ «հայկական հրթիռները դիւրութեամբ կրնան հասնիլ Պաքուի մերձակայքը` Կասպից ծովու ափերուն գտնուող քարիւղամշակման գործարաններ»:

Հեղինակին համաձայն, կարելի չէ յստակ կանխատեսումներ ընել ու ըսել, թէ ի՛նչ հետեւանք կրնայ ունենալ  հաւանական նոր պատերազմը. ակնյայտ է սակայն, որ այդ պատերազմը միայն Արցախին չի վերաբերիր, իսկ` «մարդկային ողբերգութեան եւ տնտեսական արժէքի բնագաւառին մէջ կը գերազանցէ որեւէ բան, զոր Եւրոպան տեսած է առնուազն վերջին 20 տարուան ընթացքին` Պալքանեան պատերազմներէն ի վեր»:

Յօդուածագիրը նաեւ իր ափսոսանքը կը յայտնէ այն գծով, որ Ազրպէյճանի դէմ ոչ մէկ պատժամիջոցի կը ձեռնարկուի. «Թէեւ «Եւրոտեսիլ»-էն ետք Եւրոպայի մեծ մասը այժմ լաւատեղեակ է Պաքուի իշխանութիւններու ապաժողովրդավար բնոյթին, բայց եւ այնպէս Եւրոպական Միութեան կողմէ ոչ մէկ պատժամիջոցի կը դիմուի, այդ մասին սպառնալիք կը տրուի կամ նոյնիսկ քննադատութիւն կը կատարուի»:

Չարլզ Թենոք կոչ կ՛ուղղէ, որ` «Պաքուի հետ յաջորդ քարիւղային համաձայնագիրը ստորագրելէն առաջ ԵՄ-ն այս բոլորը նկատի ունենայ»:

Share this Article
CATEGORIES