«Ստեղծագործութիւն Ոչ Բանաստեղծութիւն» (Հեղինակ` Ստեփան Փանոսեան)

2011-ին Հալէպի «Արեւելք» տպարանէն լոյս տեսաւ սփիւռքահայ գրող Ստեփան Փանոսեանի «Ստեղծագործութիւն ոչ բանաստեղծութիւն» խորագրեալ քերթողագիրքը` մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեաններուն:

Հատորը կը բաղկանայ 132 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 85 չափածոյ գործեր:

Պէտք է ըսել, թէ փոխան ներածականի բաժինով հեղինակը հետեւեալ տողերով կը բնութագրէ իր յիշեալ գործին ընդհանուր բովանդակութիւնը: Այս յղացքով` ան կ՛ըսէ. «Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել չափածոյ ձեւով մտքերու եւ զգացումներու արտայայտութիւններ, քան` բանաստեղծութիւններ: Այս մէկն ալ ընդունիլ որպէս ներածական»:

Այսպէս, հեղինակը, ըստ մէջբերուած տողերուն, բնորոշելէ ետք «Ստեղծագործութիւն» եւ «Ոչ բանաստեղծութիւն» բառերուն իմաստները` կ՛անցնի մեր ազգային դարաւոր պատմութեան բովերէն ու կը հասնի Աւարայրի եւ Սարդարապատի զոյգ յաղթանակներով յատկանշուած մեր ժամանակակից իրականութեան:

Ըստ էութեան, Ստեփան Փանոսեանի «Ստեղծագործութիւն եւ ոչ բանաստեղծութիւն» խորագրեալ քերթողագիրքը ունի հայրենասիրական բնոյթ: Սոյն գործով հեղինակին բաղձանքն է բեկանել էնվերներու եւ թալէաթներու հայավնաս ծրագիրները, բարձր պահել եռագոյն դրօշը հայոց երկնակամարին վրայ, զօրացնել գոյակցական կապը Ղարաբաղի եւ Մայր Հայաստանի միջեւ: Հիմնականը հայրենասիրական այն կանչն է, որ մեր սիրտերը կը կապէ տրոփ առ տրոփ մեր մայր հողին:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ սեպտեմբեր 21-ը այն թուականն է, երբ ազգովին կը տօնենք մեր հայրենիքի երկրորդ անկախութիւնը: Ըստ իրեն, Հայաստանի անկախութիւնը պահպանողը ազատութեան գաղափարն է, զոր անխախտ եւ անվթար պահելը իւրաքանչիւր հայու անզանցառելի պարտականութիւնն է: Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ հակառակ դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած բազում տառապանքին, ազատ եւ անկախ Հայաստանի իրողութիւնը մեր ազգային գոյութեան միակ ճշմարիտ իրականութիւնն է:

Ապա, խորանալով այս հարցին մէջ Ստեփան Փանոսեան կը վկայէ, թԷ Սասնայ Դաւիթ, Դաւիթ Բէկն ու Գարեգին Նժդեհ եւ իրենց հետ նաեւ փաղանգ մը ամբողջ հայ հերոսներու` կը պատգամեն, թէ երբեբ զիջիլ չկայ հայկական հողերէն, եւ թէ` Նախիջեւանն ու Արցախը անբաժանելի հողերն են մեր հայրենի հինաւուրց երկրին:

Ստեփան Փանոսեան մեծ ոգեւորութեամբ մասնակից կը դառնայ նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան տօնախմբութեան, Բայց միեւնոյն ատեն խոր վիշտով կ՛ոգեկոչէ յիշատակը չարենցներու եւ թոթովենցներու, զապէլ եսայեաններու եւ բակունցներու, որոնք նահատակուեցան հայ ժողովուրդի ազատութեան ճանապարհին վրայ:

«Ծնունդ դաշնակցութեան» խորագրեալ չափածոյ գրութեամբ, հեղինակը խորհրդանշական իմաստ կու տայ Խրիմեան Հայրիկի այն ազգայնաշունչ պատգամին, թէ մեր ազգային գոյութիւնը երաշխաւորելու միակ գրաւականն է ոչ թէ թուղթէ, այլ` պողպատակուռ շերեփով պահանջել հայ ժողովուրդին քաղաքական իրաւունքները, տրուած ըլլալով, որ համայն հայութիւնը միակ եւ արժանի իրաւատէրն է իր պապենական հարազատ հողին: Այս յղացքով` հեղինակը կ՛ըսէ, թէ շնորհիւ Հայոց Հայրիկի խրախուսիչ խօսքերուն`

«Հայը փոխուեցաւ, յեղափոխուեցաւ
Սիրտը պողպատ, ձեռքին պողպատ:
Մէջքը շտկեց ու պահանջեց ազատութիւն»:

«Ստեղծագործութիւն ոչ բանաստեղծութիւն» խորագրեալ հատորին մաս կը կազմեն նաեւ Եղեռնի 75-ամեակի ոգեկոչումը եւ դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժը: Հեղինակը կը կարեկցի Արցախի մայրերուն, որոնք ամէն վայրկեան պատրաստ են զոհաբերելու իրենց զաւակները հայրենիքի սիրոյն: Ամփոփ կերպով ան կը կատարէ նկարագրականը հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան` յայտնելով, թէ հայութիւնը գոյատեւեց դժնդակ պայմաններու տակ Հռոմէական կայսրութեան դարաշրջաններէն մինչեւ օսմանեան իշխանութեան ժամանակը: Սակայն հակառակ իր չարչարանքներուն` հայութիւնը մինչեւ այսօր կը հպարտանայ իր մեծանուն գեղանկարիչ Այվազովսկիով եւ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքի մէջ հայատառ թերթի հիմնադիր Շմաւոն քահանայով:

Արդարեւ, կ՛ուզենք հաստատել, թէ Ստեփան Փանոսեանի «Ստեղծագործութիւն ոչ բանաստեղծութիւն» խորագրեալ գործին գլխաւոր մտածումը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, թէ ոեւէ անհատ կրնայ արտայայտել իր մտածումները չափածոյ ձեւով, յատկապէս այն պարագային, երբ արծարծուած հարցերը կը թաւալին հասարակական հարցերու շուրջ: Որովհետեւ մտածումներու փոխանակումը տեղի կ՛ունենայ լեզուական պարզ արտայայտութեամբ, մինչդեռ, բանաստեղծութիւնը ըլլալով յարակից բաժինը գեղարուեստական չափածոյ արուեստին,  կը գերազանցէ այն բոլոր զգացումները, որոնց ենթահողը կը կազմեն պատմական իրադարձութիւններն ու զգացական ապրումները:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Փետրուար 2012
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES