Ճատրակ. 8 Տարեկան Գոռ Գրիգորեան Կը Մասնակցի Միջազգային Մրցաշարքին

Իր տեղեկութիւնը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնէն` «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի 8 տարեկան անուանի ճատրակ խաղացող Գոռ Գրիգորեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 6-13 յուլիսին Վրաստանի Քութայիսի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի եւրոպական բաժակի պատանիներու մրցաշարքին:

Հակառակ 8 տարեկան ըլլալուն իր դասակարգի մրցումներուն մասնակցելէ բացի, ան կը մասնակցի նաեւ 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն` անոնց մէջ եւս արձանագրելով բացառիկ արդիւնքներ:

Վերոնշեալ մրցաշարքէն ետք ան պիտի մասնակցի նաեւ Վրաստանի Փոթի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք վրացի Նանա Ալեքսանտրիայի յիշատակին նուիրուած միջազգային մրցաշարքին:

Նշենք, որ Գոռ Գրիգորեան կը ներկայացնէ Երեւանի Միքա ճատրակի ակումբը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES