Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա, Գերմանիա Եւ Ֆրանսա Շատ Հաւանաբար Պոյքոթի Ենթարկեն Պոլսոյ Ճատրակի Ողիմպիականը

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ օգոստոս – սեպտեմբերին Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճատրակի 2012-ի միջազգային ողիմպիականը:

Այնպէս կը թուի, որ անիկա ձախողութեան պիտի մատնուի` նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա, Գերմանիա եւ Ֆրանսա շատ հաւանաբար զայն պոյքոթի ենթարկեն:

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը` իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի իրաւարար, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւարար Աշոտ Վարդապետեանէն, որ վերոնշեալ մրցաշարքին թեքնիք յանձնախումբին նախագահն է:

Վարդապետեան կ՛ըսէ, որ վերոնշեալ երկիրները տարակարծութիւններ ունենալով ՖԻՏԷ-ին հետ, կ՛ուզեն անոր կազմին մէջ փոփոխութիւններ կատարել: Հասնելու համար իրենց նպատակին` անոնք որոշած են  պոյքոթի դիմել:

Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնը կ՛ըսէ, որ իր կարծիքով, այս քայլին դիմելը ճիշդ չէ, որովհետեւ վիճելի բոլոր հարցերը կարելի է լուծել ՖԻՏԷ-ի համագումարին:

Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, եօթը երկիրներու իրաւարարները հրաժարեցան ճատրակի Ողիմպիականին կատարել իրենց պաշտօնը, ինչ որ աւելի վատթարացուց անոնց եւ ՖԻՏԷ-ի միջեւ տիրող փոխյարաբերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES