2012-Ի Լոնտոնի Ողիմպիական Խաղեր. Տոմսակներուն 80 Առ Հարիւրը` Արդէն Իսկ Սպառած

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն 7 միլիոն տոմսակ, որ ընդհանուր գումարին 80 առ հարիւրը կը կազմէ, արդէն իսկ սպառած է:

Սկիզբը ազատ վաճառքի հանուած է 6,6 միլիոն տոմսակ` ընդհանուր 8 միլիոնէն: Սակայն շատ կարճ ժամանակ ետք կազմակերպիչները հրապարակ իջեցուցած են նաեւ քանի մը հարիւր տոմս եւս:

Մնացած տոմսակները բաժնուած են խաղերը հովանաւորող ընկերութիւններուն` տարբեր երկիրներու Ազգային ողիմպիականի կոմիտէներուն միջոցով, իսկ մէկ մասն ալ բաժնուած է դպրոցականներու, զինուորներու եւ պետական մարզի պաշտօնեաներու:

Share this Article
CATEGORIES