Միջերկրականեան Լողարշաւի Մրցաշարք. Լիբանանի Կրտսերներու Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Սպանիա
Երէկ` հինգշաբթի, 28 յունիսին, Սպանիա մեկնեցաւ Լիբանանի լողարշաւի կրտսերներու պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 29 յունիսէն 1 յուլիս տեղի ունենալիք Միջերկրականեան լողարշաւի մրցաշարքին: Նշենք, որ տեղի պիտի ունենան աղջկանց 13 եւ 14 տարեկան, ինչպէս նաեւ տղոց 15 եւ 16 տարեկան լողարշաւի մրցումներ` մասնակցութեամբ միջերկրականեան 21 երկիրներէ 210 երկսեռ լողորդներու:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին Լիբանանը պիտի ներկայացնեն Սարա Խաթիպ, Ռայըն Հապիպ եւ Մոհամետ Պաղտատի` իրենց մարզիչ ունենալով Մոհամետ Սաքըրը:
CATEGORIES Մարզական

