Էտկար Մալաքեան Երեք Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Վիքթորիա Փլզենի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի եւ Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Էտկար Մալաքեան միացաւ Վիքթորիա Փլզենի (Չեխիա)` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:

Իր այս պայմանագիրը ստորագրելէ ետք Մալաքեան ըսաւ, որ Փլզենին միանալով իր արհեստավարժ ասպարէզին դիմաց կը բացուի նոր հորիզոն մը, այս պարագային չեխական ֆութպոլին ընդմէջէն, որ եւրոպական առումով բարձր մակարդակի կը դասուի:

Մալաքեանի այս յայտարարութիւնը հրապարակեց Փլզեն ակումբին պաշտօնական կայքէջը:

Share this Article
CATEGORIES