Ժիւտօ. Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Յարութիւն Տերմիշեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, ժիւտոյի միջազգային կարգի իրաւարար Դաւիթ Խիթարեանէն քաղելով իր տեղեկութիւնը` «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի միջին կարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Յարութիւն Տերմիշեան Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ժիւտոյի պատանիներու ախոյեանութեան յաջողած է տիրանալ պրոնզ մետալին:
Հայաստանի 9 մարզիկներուն մէջ ան միակն ըլլալով մետալի տիրացած է:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 34 երկիրներէ 482 մարզիկներ:
CATEGORIES Մարզական

