Հրազդան Մարզադաշտը Կ՛օժտուի Արուեստական Նոր Խոտով
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հրազդան մարզադաշտին շինարարական եւ վերանորոգման աշխատանքներուն զուգահեռ, այժմ տեղի կ՛ունենայ արուեստական նոր խոտի զետեղումը:
1971-ին կառուցուած այս մարզադաշտը վերջապէս պիտի ունենայ միջազգային այլ դաշտերուն նման խոտ, որ զայն պիտի դարձնէ շատ աւելի գեղեցիկ:
Այսպիսով, աշխատանքներուն աւարտէն ետք Հրազդան մարզադաշտը պիտի ըլլայ Հայաստանի լաւագոյն մարզադաշտերէն մէկը, եթէ ոչ` լաւագոյնը:
CATEGORIES Մարզական



