Անփոխարինելի Ներկայութիւնը
ԱՐՄԷՆ ԴԱՐԵԱՆ
Օրուան դասախօսին սիրելի մէկ բացատրութեամբը` անհաւատալի բայց իրաւ` մահուան քսանհինգամեակն է Յակոբ Օշականին – գրող մը, գրագէտ մը, քննադատ մը, որ, գիրի եւ գրականութեան հետ դժուար ներդաշնակուող այս դարաշրջանին, իր մահուընէ քսանհինգ տարիներ ետքն ալ, իր դատումներու տարողութեամբ,- ստեղծագործական վկայութիւններով, միով բանիւ իր վաստակո՛վ կը շարունակէ ըլլալ եւ մնալ ամէնօրեայ անփոխարինելի ներկայութիւն մը մեր գրական կեանքէն եւ մեր գրականութենէն ներս, պիտի ըսէի տակաւին` կը շարունակէ մղել – նոյն յախուռն թափով – բարձրագոչ իր բանավէճը – բառին ազնուագոյն իմաստով – բանավէճ` որ ինքն էր սկսեր ահա արդէն վաթսունամեակ մը առաջ, յանուն գեղեցիկին եւ իրաւին, գրականութեան կալուածէն ներս:
Մեծերուն միայն յատուկ երեւոյթ: Եւ ի՜նչ խօսք, որ Յակոբ Օշական ինքնին երեւոյթ մըն է մեր գրականութեան մէջ, մեր գրականութեան պայմաններուն հետ խոտոր համեմատող այնպիսի մեծութիւն մը` որ ճիշդ ու արդար դատելու համար անհրաժեշտօրէն մարդ պէտք ունի ժամանակի հեռաւորութեան: Մեծութիւն տակաւին, առանց որուն կարելի չէ պատկերացնել անգամ արեւմտահայ թեւը մեր գրականութեան, ինչպէս,- թող ներուի պատկերին մեծղիութիւնը,- հայուն համար անկարելի պիտի ըլլար երեւակայել Արարատեան դաշտը առանց Արարատին:
Այս համեմատութեան մէջ պէտք չէ տեսնել անհետացած գրագէտի մը նուիրուած երեկոյի մը առիթով պարագայական չափազանցութիւն, եւ ոչ հայ գեղեցիկ դպրութեան ուրիշ երախտաւորեալներ նսեմացնելու դոյզն միտում: Բացառիկ մեծութիւնները երբեք հերքումը չեն եղած ուրիշ մեծութիւններու, եւ հաւաքական երկունքներու մէջէն է, որ կարելի կ՛ըլլայ հաստատել իւրաքանչիւրին յարաբերական կշիռն ու արժէքը: Իրողութիւնը այն է, որ հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ ճառագայթող եւ պլպլացող աստղերուն եւ ասուպներուն մէջ` «Խոնարհներ»-ու, «Ծակ Պտուկ»-ի, «Մնացորդաց»-ի, «Համապատկեր»-ներու հեղինակ Յակոբ Օշականը եղաւ ա՛յն գիսաստղը, որ լայն ու խորունկ ակօս մը ձգեց իր ետին, շլացնող լուսավառումներով եւ դեռ խուզարկելի միգամածներով յորդուն ակօս մը, տեղաշարժներ առաջացնելով իր շուրջ, ինչպէս է պարագան իրենց ժամանակը պատռող բոլոր նորարարներուն:
Թէ` իր վաստակին քանակով եւ որակով Ֆլօպեռներու, Սթենտալներու, Սենթ-Պէօվներու հետ համեմատուող իրաւ այս գրագէտը, քննադատն ու գրականագէտը իր ողջութեան չըմբռնուեցաւ յաճախ,- ոչինչ անբնական այստեղ: Բայց անբնականն ա՛յն է, անպայման, որ զարտուղիօրէն մեծին հետ, որ ինքն էր, մենք` հայ մարդ, հայ ընթերցող եւ հայ գրող, վերաբերուեցանք անօրինակօրէն փոքր ու փոքրոգի հաշիւներով, նեղ ու նեղմիտ մօտեցումով, մոռնալով, անգա՛մ, հայերէն ու հայօրէն կարդալու մեր կարողութիւնը եւ պարտականութիւնը:
Ինքն է, որ կը գրէ «Հայ Գրականութիւն» դասագիրքին յառաջաբանով, մահէն միայն վեց տարի առաջ, 1942-ին.
«Միանգամ ընդմիշտ պարտք կը զգամ յայտարարել որ Հայ Գրականութիւն հատորը դաւանաբանական խստութեամբ պատգամներու բեմ մը չէ: Ամէն ինչ հոն ենթակայական ալ չէ: Գրականութիւնը ո՛չ կրկէս է, ո՛չ ալ հանդէս: Այս հատորը կը մատուցուի իր հասարակութեան, իբր վկայութիւն մը, երբեք` իբր օրինագիրք մը: Զայն գործածողները եթէ անկէ առին յուզում, հպարտութիւն` իրենց ժողովուրդի տագնապներուն, շնորհներուն մասին, կրնան բաւարարուած զգալ իրենց զիջումը: Առանց կեղծ համեստութեան ու առանց անիմաստ յաւակնութեան: Սիրո՛յ գործ մը ուրեմն, ուր ցոլք ունենար նաեւ պուտ մը խելք, այնքան անգամ պակսած մեզի, մեր ուրացման ինչպէս գնահատանքներուն մէջ»:
Ինչ կրնանք աւելցնել, եթէ ոչ մաղթել, որ զինք իր իրական արժանիքով գնահատելու համար մեզի պակսող այդ «պուտ մը խելքը» այլեւս չպակսի, եւ Յակոբ Օշական մեծ գրագէտին դէմքն ու գործը լոյսին բերուի ամբողջական պայծառութեամբ:
«Գրական Շրջանակ»-ը կազմակերպելով յարգանքի այս երեկոն, ի խորոց սրտի կը ցանկայ, որ մեր այս համեստ հանդիսութիւնը ըլլայ առիթ եւ խթան` համազգային մեծարանքով նշելու,- Սփիւռքի տարածքին եւ հայրենի հողին վրայ,- վաստակը մեծանուն գրագէտին, որուն ծննդեան 90-ամեակն ալ է այս տարի, հազուադէպ զուգադիպութեամբ մը:
– Պատի՛ւս արժանաւորաց:
8 փետրուար 1973

