Ազնիւ Ու Ազնուացնող Բանաստեղծը

Գրագէտ-քննադատ Յակոբ Օշական ունի շատ դիպուկ բնութագրում` կատարուած Վահան Թէքէեանի քերթողութեան քննարկման ընդմէջէն. «Վարուժանով կը հպարտանանք, Դուրեանով կը տառապինք, Մեծարենցով կ՛անուշնանք, Վահան Թէքէեանով կը զգաստանանք»: Եւ իրապէս, ազնիւ եւ ազնուացնող բանաստեղծն է Վահան Թէքէեան, որ խուսափելով կը խուսափի ճռճռան բառերէն, թացիկ զգայնութիւններէն, աժան ծափերէն, տալու համար առաւելագոյնը` նուազագոյնին մէջ` արուեստի այնպիսի՛ հզօրութեամբ, որով Վահան Թէքէեան ստորագրութիւնը կրող իւրաքանչիւր տող կը դառնայ կենսալի՝ ինչպէս սերմի հատիկ ու կը պայթի, կը բացուի իր ամբողջական շքեղութեամբ, երբ քերթուածին համանուագային ամբողջութիւնը կը հասնի իր աւարտին, այնուհետեւ ապրելու համար նո՛ր կեանքով, ընթերցողի հոգիէն եւ միտքէն ներս:

Վահան Թէքէեանի երգը,- ծնունդ առնէ ան համամարդկային սէրէն թէ հայկական տառապանքէն,- գի՛նն է մարդուն ճակատագիրով բանաստեղծի տագնապումին, ինքնակիզում մըն է ամէնէն առաջ, եւ ապա` այրող ինքնամատուցում մը` որ կը ձգտի մաքրել մարդու հոգին, մարդը ձերբազատելով, ազատագրելով երկրային, ստրկացնող իր կապանքներէն, զայն բարձրացնելու, վեհացնելու, անոր կեանքը քաղցրացնելու համար սիրոյ եւ բարութան ճառագումով: Սէր մը` անափ, բարութիւն մը` անանձնական, որոնք կը բաշխուին բոլոր, բոլո՜ր մարդերուն, թէկուզ բանաստեղծին ողջակիզումին ընդմէջէն: Սա արդէն բանաստեղծին, իրա՛ւ բանաստեղծին ի վերուստ տրուած սիզիֆեան առաքելութիւնն է.

Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն…

Վահան Թէքէեանի քերթողութիւնը պարզ ու վճիտ տողերու թաքնուած խոր եւ խորիմաստ հանք մըն է, քերթողին իսկ բացատրութեամբ, հանք մը` զոր պէտք է պեղել, խորանալ անոր մէջ` ճանչնալու համար անոր հարստացնող գեղեցկութիւնը: Եւ ճանչնալ Վահան Թէքէեանը` կը նշանակէ սիրել ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը:

Եւ եթէ Վահան Թէքէեան եղաւ ինքնիր մէջ դպրոց մը եւ տասնամեակներ ամբողջ իր ազդեցութեան դրոշմով կնքեց Սփիւռքի գրականութիւնը, պատճառն ա՛յն է նախ, որ Ապրիլեան Եղեռնով փշրուած Հայ Դպրութեան ոսկեշղթային մէջ, մեծանուն բանաստեղծը հանդիսացաւ մէկը անցումի թանկարժէք ա՛յն օղակներէն, որոնց շնորհիւ Արեւմտահայ գրականութեան ճղակոտոր ծառը արագօրէն վերընձիւղուեցաւ Սփիւռքի տարածքին: Բայց մանաւանդ ա՛յն` որ հայ քերթողութեան անդաստանէն ներս` Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնը բերաւ որակական շքեղ նուաճում մը` որ ծնո՛ւնդն է բովանդակութեան եւ ընդգրկումի, ոճի եւ արտայայտչական կերպի երջանիկ միասնութեան մը, ինչպէս նաեւ իրա՛ւ արուեստագէտի ա՛յն խստապահանջութեան, որ կը ճգնի, նրբաճաշակ ադամանդագործի նման, յղկել միտք, զգացում եւ լեզու, բարձրարուեստ քանդակագործի վարպետութեամբ` յղանալ եւ ստեղծել գեղեցիկին լուսէ մարմինը: Այսպէ՛ս է, որ Վահան Թէքէեանին հնչեակը կը դառնայ բիւրեղային եւ թրթռուն` զգաստ թելադրականութեամբ մը զրահուած: Աւելի պատկերաւոր օրինակ մը տալու մտահոգութեամբ, ես պիտի ուզէի յիշել այստեղ իտալական նոր դասականութեան վարպետներէն քանդակագործ Անթոնիօ Գանովայի մէկ գործը` «Վարշամակեալ կինը», որուն հմայիչ գեղեցկութիւնը կը թելադրուի մարմարեայ թափանցիկ շղարշի ցոլքերուն ընդմէջէն:

Ու դասականութեան հասնելու ճանապարհին, ի զուր չէ, որ հայ բանաստեղծը իրեն օրինակ ունեցած է իտալացի Փեթրարքան եւ անգլիացի Շէյքսփիրը:

Բանի ստեղծագործ եւ ստեղծարար Վահան Թէքէեան ա՛յն ալքիմիքոսն է, որ գիտցաւ տիրանալ ազնիւ մետաղը ձոյլ ոսկիի վերածելու գաղտնիքին, եւ այդպէսով` եթէ այսօր իր ստորագրութիւնը կրող քանի մը տասնեակ բանաստեղծութիւններ կը կազմեն մշտական զարդը Հայոց Դպրութեան հազարամեայ Ածուին, աներկբայօրէն, անոնք նոյն ատեն թանկագին ներդրում մըն են համաշխարհային բանաստեղծութեան մնայուն գանձարանին մէջ:

– Այո՛, իր մեծ նախորդներուն կարգին, մենք Վահան Թէքէեանով ալ կրնանք բարձրաճակատ ներկայանալ աշխարհին:

Ի՜նչ խօսք, որ Վահան Թէքէեանը պիտի չըլլար մարդկային սիրոյ, տառապանքի, երջանկութեան մեծ երգիչը, եթէ իր քնարին հիմնական լարը չթրթռար հայերգութեամբ: Կիսադար մը ամբողջ եւ անընդմէջ Վահան Թէքէեան երգեց Հայոց պատմութիւնը` հնագոյն եւ նոր, Հայոց երկիրը` վաղեմի եւ մշտանորոգ, երգեց Հայ եկեղեցին ե Հայ լեզուն, Հայուն վիշտն ու Հայուն աղօթքը, անոր հպարտութիւնն ու ցասումը նաեւ: Այլեւ մանաւանդ իր կեանքն ամբողջ եղաւ նուիրեալ պայքար եւ յոգնաջան տքնութիւն` վասն Հայ մարդուն եւ Հայ հոգիին, հայրենի հողին վրայ եւ հայրենի հողէն հեռու:

Բայց մի՞թէ տարբեր բան ակնկալել կարելի էր բանաստեղծէն, որ երգեր է լուռ, այլ խորունկ տառապանքով.

Ծնած օրէս մինչեւ այսօր իմ հայրենիքս ինծի հետ
Տարի ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն, աստղ մը ինչպէս կը տանի`
Զահանդականն, անվախճան իր պտոյտին մէջ երկնի
Արեւային դրութիւնն որուն ինք մասն է յաւէտ…

Եթէ իբրեւ սփիւռքահայ գրող սիրտի պա՛րտք է ինծի` հանդիսաւոր այս բեմէն յայտնել իմ երախտագիտական զգացումներս` այն գուրգուրանքին, սիրոյն եւ մեծարանքին համար, որոնց կ՛արժանանայ այսօր Վահան Թէքէեանը` ամենայն հայոց քաղաքամայր Երեւանի մէջ, եւ Վահան Թէքէեանի ընդմէջէն` Հայոց Գրականութեան Արեւմտեան եւ Սփիւռքեան թեւը ամբողջ, կը զգամ նոյն ատեն, թէ ինծի համար նոյնքան նուիրական պարտականութի՛ւն է, յիշելով եւ յիշեցնելով եղերաբախտ Պետրոս Դուրեանի եւ Վազգէն Շուշանեանի աճիւններուն վիճակուած դժխեմ ճակատագիրը,- եւ աչքի առաջ ունենալով լիբանանահայութեան տագնապալի վիճակը,- «խնդրել պահանջելու պէս», մեր հայրենի երկրի ղեկավարներէն եւ Հայաստանի մեր գրչեղբայրներէն, որպէսզի մտածեն փրկել, քանի ուշ չէ տակաւին, աճիւնները օտար ափերուն վրայ անհետացած հայ գիրի եւ մշակոյթի բոլոր, բոլո՜ր սպասարկուներուն, հայրենի հողին գիրկը վերադարձնելով հայրենակարօտ Վահան Թէքէեաններն ու Արշակ Չօպանեանները, Երուանդ Օտեաններն ու Սիրանոյշները, Լեւոն Շանթերն ու Յակոբ Օշականները, Գուրգէն Ալեմշահներն ու Բարսեղ Կանաչեանները, Համաստեղներն ու Շահնուրները…:

(ՀԱՏՈՒԱԾ)

19 սեպտեմբեր 1978

Share this Article
CATEGORIES