Արմէն Դարեանի Յետ Մահու Խօսքը
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
21 յունուար 1990-ին, անողոք հիւանդութեան հետեւանքով 68 տարեկանին վաղաժամօրէն մահացած լիբանանահայ արձակագիր եւ մտաւորական Արմէն Դարեանի (աւազանի անունով` Ալֆոնս Ադդարեան) «Մատեան բանաւոր խօսքի» երկը այս տարաբախտ գրողին յետ մահու հրատարակուած նորագոյն հատորն է, որ կ՛ամփոփէ զանազան առիթներով իր արտասանած գրական-մշակութային դասախօսութիւնները: Եւ անոնց կցուած լրացուցիչ գրութիւններ: Կարպիս Լ. Նազարեան Հիմնադրամի 16-րդ հրատարակութիւնը հանդիսացող այս հատորը, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած վաստակաշատ արձակագիրի եւ մտաւորականի մը հրապարակային արձակագիրի եւ մտաւորականի մը հրապարակային դասախօսութիւնները ի մի խմբելու իր պատմական արժէքին զուգահեռ` ո՛չ միայն լոյսին կը բերէ հանգուցեալ գրագէտի մը ստեղծագործական վաստակին երկրորդ երեսը, այլեւ` անոր գրական աշխարհահայեացքը, համոզումներն ու սէրերը:
Մտքերու վերաթարմացման համար նշենք, որ իր սերունդին, այսինքն` 1950-ական թուականներուն հրապարակ իջած ուշագրաւ արձակագիրներէն, բայց մանաւանդ ամէնէն ինքնատիպ պատմուածագիրներէն մէկը հանդիսացող Արմէն Դարեան սփիւռքահայ գրականութեան անդաստանէն ներս մուտք կը գործէր 1956-ին` հրատարակելով «Մեր հացը» խորագրեալ թարմաշունչ պատմուածքներու իր անդրանիկ ժողովածուն: Այնուհետեւ, Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ, յաջորդաբար լոյս կը տեսնէին այս գեղապաշտ գրագէտին «Կարօտ եւ կեանք» (1963), «Խարիսխէն հեռու» (1964), «Խարիսխին մօտ» (1973), «Լեռը եւ տունը» (1982 անուն պատմուածքներու եւ վիպակներու հատորները, իսկ յետ մահու` «Երկու եղանակ» (1991), «Նախագահին կօշիկները» (1991), «Զաւակի մը համար» (1995) ու «Նամակներ» (2011) գիրքերը եւ իբրեւ դասախօսութիւն պատրաստուած գրքոյկ մը` «Ակնարկ հայ-արաբական մշակութային կապերու վրայ» (1972): Եւ եթէ ասոնց վրայ գումարենք ֆրանսական ու արաբական գրականութեան հարուստ գանձարանէն հաերէնի փոխադրած Արմէն Դարեանի թարգմանութիւնները, այն ատեն, կը կարծենք, մասամբ կ՛ամբողջանայ գրական դիմանկարը այս վաստակաշատ գրագէտին:
Ըսինք` մասամբ, որովհետեւ «Մատեան բանաւոր խօսքի» հատորը կազմած բանախօսութիւնները եւ անոնց ընկերացող յաւելումները չեն միայն Արմէն Դարեան մտաւորականին երկար տարիներու վաստակին իմացական արգասիքը: Ասոնց վրայ պէտք է գումարել իր բազմաթիւ գրախօսականները, յուշագրութիւնները, վերլուծական յօդուածները, գրական եւ գեղանկարչական ակնարկները, ուղեգրութիւնները, թատրոնի, գեղանկարչութեան, երաժշտութեան եւ արուեստի այլ ճիւղերու նուիրուած իր բազմատասնեակ ուսումնասիրութիւններն ու յօդուածները, նաեւ` հայերէնէ արաբերէնէ եւ ֆրանսերէնի փոխադրած իր թարգմանչական նմոյշներն ու վերոնշեալ լեզուներով ստորագրած յօդուածները, որոնք քիչ չեն, քանի մը հատոր կրնան կազմել եւ ա՛լ աւելի ծանրացնել իմացական ու ստեղծագործական վաստակը այս նուիրեալ գրագէտին:
Վերադառնալով 342 էջերէ բաղկացած «Մատեան բանաւոր խօսքի» հատորին, Մեսրոպ Մաշտոցէն ու Նահապետ Քուչակէն մինչեւ Թլկատինցի ու Յակոբ Օշական, Շահան Շահնուրէն ու Վահէ-Վահեանէն մինչեւ Անդրանիկ Ծառուկեան ու Սիմոն Սիմոնեան, Հրաչեայ Քոչարէն ու Սիլվա Կապուտիկեանէն մինչեւ սփիւռքահայ գրականութեան հիմնահարցեր, Արմէն Դարեան բանախօսն ու մտաւորականը կը լծուի մեր գրականութեան հսկաներն ու վաւերական դէմքերը հայ գրասէր հասարակութեան ներկայացնելու, անոնց աշխարհներուն վրայ նոր լոյսեր սփռելու եւ ա՛լ աւելի սիրելի դարձնելու ազնիւ աշխատանքին: Ապա կ՛անցնի ֆրանսական եւ լիբանանեան գրականութեան անդրաստանը, այս անգամ ծանրանալու համար, օրինակ, Վիքթոր Հիւկոյի, Մարուն Ապպուտի կամ Ամին Ռիհանիի բազմաշերտ ու բազմերանգ գրականութեանց վրայ:
Արդար ըլլանք եւ աւելցնենք, թէ միշտ չէ, որ կարելի է բաժնեկից ըլլալ Արմէն Դարեանի գնահատումներուն: Գեղամ Սեւանի, Հրաչեայ Քոչարի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ նոյնիսկ Օմար Ֆախուրիի առիթով թուղթին յանձնած իր զեղումները պարզապէս չափազանցութիւններ են եւ անտեղի տուրքեր: Ինչպէս դիտել կու տայ հատորին խմբագիրը` լիբանանահայ բարեխիղճ բանասէր ու մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան. «Պահուած են այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք իրենց ժամանակներու ընկերային եւ մթնոլորտի վկայութիւնը կը հանդիսանան, թէեւ կրնան անյարիր հնչել, նոյնիսկ` անընդունելի, մեր օրերուն»:
Պարզ ըսած` Արմէն Դարեանի գաղափարական-քաղաքական համոզումներն ու սէրերը, կարգ մը գրողներու պարագային, ուղղակի եւ անուղղակի կերպով միջամտած եւ հունաւորած են իր գրական դատումներն ու արժեւորումները: «Պաղ պատերազմի»-ի ժամանակաշրջանին տաք խոցերն ու սպիներն են ասոնք, որոնք, իրաւամբ, «անյարիր» կը հնչեն մեր օրերուն եւ կը հանդիասանան` «նոյնիսկ անընդունելի»: Այնուամենայնիւ, երբ պահ մը կը փորձենք կատարել ընդհանուր վերաքաղն ու հաշուեկշիռը «Մատեան բանաւոր խօսքի» հատորին, ի տես հարուստ ու ծանրակշիռ բերքաքաղին` յարգանքով ու հոգեկան գոհունակութեամբ կը փակենք գիրքը` շնորհակալութիւն յայտնելով այն ազնիւ մարդուն, բարեհամբոյր հայուն ու նրբաճաշակ գրագէտին, մէկ խօսքով` իր արեան եւ հայ գիր ու գրականութեան այս նուիրեալ երկրպագուին, որ մեր կողքին էր երէկ ու սիրելի ներկայութիւն է այսօր նաեւ` իր տպագիր եւ ցարդ մամուլին մէջ ցրուած հարուստ ու բազմաբնոյթ վաստակով:

