Հիմնադրութեան 25-ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ Լօխ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնը Օժտուեցաւ Բժշկական Նոր Սարքաւորումներով` Օժանդակութեամբ Ճափոնի Դեսպանատան
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 25-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 29 յունիսի առաւօտեան յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ բժշկական նոր բաժանմունքներու: Ճափոնի դեսպանատան օժանդակութեամբ կատարուած այս ձեռնարկին Ճափոնի դեսպանին կողքին ներկայ էին առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, նախարարներ Վրէժ Սապունճեան եւ Փանոս Մանճեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան եւ այլ հրաւիրեալներ: Բացման շքերթը կայացաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ: Ճափոնական եւ լիբանանեան քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կից` արուեստագէտ Լենա Քելեկեան-Սիւլահեանի կողմէ պատկերազարդուած պատի բացման արարողութեան, եւ ապա` շտապ օգնութեան բաժանմումքի նորազարդուած կեդրոնը, որուն բարեզարդման ու կահաւորման ծախսերը հոգաց բարերար Սարգիս Սիմիթեան:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեան պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն: Գըլպաշեան այս առիթով ներկաներուն յիշեցուց ԼՕԽ-ի հիմնական իրագործումները` նշելով, որ անիկա կը բաղկանայ 26 մասնաճիւղերէ` տարածուած ամբողջ Լիբանանի տարածքին, եւ կը հաշուէ չորս հազար անդամներ: Ան աւելցուց, որ ԼՕԽ-ը կը կազմակերպէ առողջապահական կանխազգուշական եւ կրթական վարժողական նիստեր ու դաստիարակչական ծրագիրներ:
Ապա ներկայացուեցաւ Ճափոնի դեսպանատան օժանդակութեանց մասին յատուկ տեսերիզ մը, որմէ ետք «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղըրեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի դեսպանատան, որ անգամ մը եւս կը փութայ օգնելու այս կեդրոնին` 103,500 տոլարի նպաստով: Ճափոնի այս նպաստին շնորհիւ կեդրոնը օժտուեցաւ ոսկրափտութեան եւ «էքոկրաֆի»-ի, ինչպէս նաեւ` «քարտիաքտոփլըր» անունով ծանօթ սարքաւորումի յատուկ նոր ծառայութեամբ: Սաղըրեան խիստ բարձր գնահատեց Ճափոնի դեսպանատան այս նպաստը` կրկնելով իր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացումները:
Իր կարգին, Ճափոնի դեսպանը իր եւ Ճափոնի կառավարութեան անունով կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս ԼՕԽ-ին, որ փութացած էր Ճափոնի ժողովուրդի օգնութեան` հոն պատահած երկրաշարժին եւ ցունամիին ընթացքին: Դեսպանը վեր առաւ այս կեդրոնին մատուցած ծառայութիւնները` ի խնդիր ժողովուրդի առողջապահութեան ու բարօրութեան պահպանման: Ան անհրաժեշտ նկատեց հայ եւ ճափոնցի ժողովուրդներու գործակցութիւնը` բնական աղէտներու հետեւանքները թեթեւցնելու համար:
Խօսք առաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ նմանապէս դրուատեց կեդրոնին մատուցած ծառայութիւնները` իր գոհունակութիւնը յայտնելով «մեր հայ եղբայրներուն տարած լուրջ ու բծախնդիր աշխատանքին համար` ի խնդիր մեր ժողովուրդի առողջութեան պահպանման»: Նախարար Ալի Հասան Խալիլ բարձր գնահատեց կեդրոնին վարկը` նշելով, որ ան լիբանանեան պետութեան իսկ դասաւորումով կը դասուի առաջին տասը առողջապահական կեդրոններու շարքին:
Աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Թալին Գըլպաշեանի կողմէ երախտագիտական յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան Ճափոնի դեսպանն ու առողջապահութեան նախարարը:





