Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Երէկ` ուրբաթ, 29 յունիս 2012-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Հայաստանի ներքին կացութիւնը վերջին ընտրութիւններէն ետք, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Այս առիթով դեսպան Քոչարեան շնորհաւորեց վեհափառը իր կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 17-րդ տարեդարձին առիթով:

Share this Article
CATEGORIES