Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի Մէջ Ընդունած Է Էդուարդ Նալբանդեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունած է Արցախի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:

Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաճանեան, քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան, շրջանային հոլովոյթներուն եւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին լուծման առնչուող հարցեր:

Երկուստեք կարեւոր նկատուած է Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջեւ աւելի աշխուժ եւ համակարգուած աշխատանքը, որ դրականօրէն պիտի ազդէ արտաքին քաղաքականութեան արդիւնաւէտ իրականացման վրայ:

Share this Article
CATEGORIES