50 Տարի Առաջ ( 2 Յուլիս 1962 )
Անթիլիասի Դպրեվանքի
Ամավերջի Հանդէսը
Երեքշաբթի, 26 յունիս 1962, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դպրեվանքի «Կիւլպենկեան» շէնքի մուտքին առջեւի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի 32-րդ տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը` նախագահութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի:
Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ «Սիրտ ի սիրտ» դպրեվանքի քայլերգով: Քառաձայն երգուեցաւ դպրեվանքի երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Գ. Գանտահարեանի:
Ժառանգաւորացի ուսանողներէն Լ. Թադէոսեան զգացումով արտասանեց Սիամանթոյի «Սուրբին աղօթքը»:
Դպրեվանքի արժանաւոր տեսուչ, Գարեգին վրդ. Սարգիսեան, կարդաց 32-րդ տարեշրջանի (1961-1962) տեղեկագիրը:
Դպրեվանքը այս տարի ունեցած է 60 աշակերտ, 7 քահանայացու, 8 սարկաւագ եւ մնացեալը` ժառանգաւորներ: Ուսուցչական կազմը բաղկացած է 17 հոգիէ: 7 եկեղեցական եւ 10 աշխարհական:
Հոգեւոր-կրօնական կեանքը եղած է խիստ գոհացուցիչ: Գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները կատարուած են անսայթաք կանոնաւորութեամբ, ուր ուսանողներ, քաղցր շարականներով, սրտագրաւ աղօթքներով խորացուցած են իրենց կրօնական ապրումը:
Ոչ մէկ ջանք խնայուած է մտքի լուսաւորութեան եւ հոգեկան ազնուացումին համար:
«Գլաձոր» պարբերականը մնայուն եւ վաւերական վկայութիւնն է կատարուած մտքի նուաճումներուն:
Չորս ժառանգաւորներ կ՛աւարտեն դպրեվանքի ուսումնական շրջանը:
3 սարկաւագներ, ընծայարանի աստուածաբանական եւ հայագիտական բաժինէն շրջանաւարտ, յունիս 24-ին աբեղայ ձեռնադրուեցան եւ քառասնօրեայ հոգեկան պարտաւորութեան աշխատանքին մէջ են:
Եկեղեցիներու ու համաշխարհային խորհուրդին ծախքով Տաթեւ վրդ. պիտի մեկնի Լոնտոն` 3 տարիներու ընթացքին համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանալու համար, եւ Մեսրոպ աբեղայ պիտի մեկնի Ժընեւ, եկեղեցական բարձրագոյն ուսումներու հետեւելու` վեց ամիս:
Անթիլիաս այսօր, մանաւանդ Կիլիկիոյ թեմերու բազմապատկումին բնական պատճառով, կոչուած է նոր շունչ, կենսունակութեան աւիշ ներմուծելու սփիւռքահայ ներկայ վիճակին մէջ:
Զարեհ Ա. կաթողիկոսէն առաջ, 25 տարիներու ընթացքին, Անթիլիասի մէջ ընդամէնը 17 կուսակրօն քահանաներ ձեռնադրուած են: Վեհին գահակալութեան անցնող վեց տարիներուն ընթացքին նոյնպէս 17 կուսակրօն քահանաներ ձեռնադրուած են: 25 եւ 6 տարիներու անհամեմատ տարբերութիւնը ինքնին կը վկայէ կերպարանափոխուած Անթիլիասը` հոգեւորական ու մշակութային կենսունակութեամբ, ծառայութեան, զոհողութեան քրիստոնէական խորհուրդով առաջնորդուած:
Այս իսկ պատճառով հոգշ. Գարեգին վարդապետ շնորհակալութեան ամէնէն խորունկ խօսքեր ուղղեց վեհափառին: Երախտագիտութեան ջերմ զգացումներ յայտնեց նաեւ նորին վեհափառութեան եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին հաւատացող հայ ժողովուրդին:
Դպրեվանքի երգչախումբը Շահան Պէրպէրեանի երաժշտութենէն երգեց «Եթէ զիս տանիս»-ը եւ «Քրիստոս պատարագեալ»-ը: Վանական տպաւորիչ այդ մթնոլորտին մէջ պահ մը հանդիսականներ քրիստոնէական ներշնչումի խորհուրդը վայելեցին: Հաճելի էր Բարսեղ սարկաւագին անուշ ձայնը:
Իրենց կարողութիւնը վկայող, գնահատանքի արժանի գեղեցիկ եւ պատշաճ ուղերձներ կարդացին ժառանգաւորաց բաժնի աւարտականներէն Գ. Թասլագեան, քահանայից դասընթացքի աւարտականներէն Սահակ քհնյ. եւ ընծայարանի աւարտականներէն Գուրգէն աբեղայ:
Բացառիկ գնահատանքի արժանի է տեսուչ Գարեգին վրդ.ի կողմէ համադրուած «Ի լուր Թարգմանչաց» խմբական արտասանութիւնը:
Արտասանութիւնը հազիւ սկսած` երգուեցաւ թարգմանիչներուն նուիրուած «Որք զարդարեցին անօրինաբար զիմաստն անեղին» շարականը: Այնուհետեւ, ընտրուած մէջբերումներ` Եզնիկէն, Կորիւնէն, Խորենացիէն, Նարեկացիէն, Շնորհալիէն մինչեւ Դուրեան պատրիարք, Թորգոմ պատրիարք եւ Գարեգին կաթողիկոս, մէջ ընդ մէջ հայր Գարեգինին կողմէ ագուցուած տուներով դարերու ընդմէջէն, թարգմանիչներու ոգեղէն ներկայութեամբ, անոնց իմաստութեան շնորհները ունկնդրուեցան հանդիսականներուն կողմէ:
Կորիւն աբեղայ, յաջողագոյնը` արտասանողներուն, գնահատելի ապրումով խմբական արտասանութիւնը վերջացուց Գարեգին կաթողիկոսին մէկ քարոզէն առնուած «Մի՛ երկնչիր, բայց հաւատա՛» կրկնուող նախադասութեամբ:
Տեսուչ հայր սուրբը գրաբար լեզուով վեհափառ հօր ներկայացուց աւարտականները` արժանի համարելով վկայականի: Հանդիսականներու ծափերու գնահատանքով եւ վեհափառ հօր աջը համբուրելով իրենց վկայականը ստացան ժառանգաւորացի աւարտական Աբրահամ Ռահվանեան, Գաբրիէլ Թասլագեան, Ժիրայր Արապեան եւ Վահան Տէր Յակոբեան:
Քահանայից դասընթացքի աւարտական Բաբգէն քհնյ. Քենտիրճեան, Զաւէն քհնյ. Տեմիրճեան, Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան եւ Սահակ քհնյ. Անտեքեան:
Օրհնութեան խօսքը ըրաւ վեհափառ հայրապետը.
Ի տես մեր դպրեվանքի հունձքին` պարտինք դարձեալ Աստուծոյ, որ մեզի շնորհեց խաղաղ ու արդիւնաւէտ տարի: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին, շնորհակալութիւն ամէն անոնց, որոնք մեր ճիգերուն մէջ զօրավիգ կանգնեցան մեզի:
«Համաշխարհային եկեղեցիներու համագումարին մէկ տեղեկատուութեան մէջ հայերուն թիւը նշանակուած էր չորսուկէս միլիոն: Առաւել եւս ամրացայ իմ հաւատքիս մէջ: Ապրիլեան Մեծ եղեռնէն 47 տարի վերջ մեր վէրքերը բուժուած են, ֆիզիքական մեծ յաղթանակ մը տարած ենք:
«Համեմատած անցեալին` մեծ թիւով եկեղեցականներու կարիքը ունինք: Հայապահպանման գործը իմս է կամ քուկդ է ըսել չենք կրնար: Պատմութեան, կրօնի եւ Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու մնալ չենք կրնար: Անկախ բոլոր տեսակի վերագրումներէ, ով ինչ ըսէ` կարեւորութիւն չունի, առանց որեւէ քննադատութիւն կամ անցողակի գնահատութիւն նկատի ունենալու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ հայ ժողովուրդին համար, Աստուծոյ համար:
«Իմ շնորհակալութիւնս կ՛երթայ Գարեգին տեսուչ հայր սուրբին, հաւատք ունեցաւ մեր գործին հանդէպ: Շատ ուրախ եմ վեց տարուան մեր հունձքին համար: Աստուծոյ հանդէպ իրենց անխախտ հաւատքին մէջ կը մաղթեմ ազգին աւանդութեանց հաւատարմութիւն: Գոհունակութիւն Աստուծոյ, մենք իր ծառաներն ենք, մեր աշխատանքը, մեր ամբողջ տագնապները ի փառս իրեն են:
«Ողջ ըլլաք, օրհնեալ ըլլաք բոլորդ»:
Հանդէսը վերջ գտաւ յոտնկայս ունկնդրուելով, երգչախումբի կողմէ երգուած քառաձայն «Կիլիկիա» երգը, Գրիգոր վարդապետին կողմէ դաշնաւորուած:
ՀՐԱԶԴԱՆ

