Գիտութիւն, Երեւակայութիւն Եւ Ուղեղ. Ինքնախաբէութիւնը. Մեր Ուղեղը Ինչպէ՞ս Կը Կառուցէ Մեր Ինքնութիւնը
ՀԻՒՄ ՋՂԱԲԱՆ ԷՐ, ԻՍԿ Ի՞ՆՉ ԿԱՊ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՕԴԱՆԱՒ ՎԱՐԵԼՈՒ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ ՊԵՂՈՂ ԳԻՐՔԻ ՄԸ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ` ՈՒՂԵՂԻՆ ԱՉՔՈՎ ԴԻՏՈՒԱԾ:
Արդէն ծանօթ իրողութիւն է, որ կայուն նկարագիրի եւ անփոփոխ անհատականութեան գաղափարները պարզապէս առասպել են: Այսուհանդերձ, մեր մշակոյթը կը սիրէ պիտակներն ու հարց-պատասխանի տուփիկները, որովհետեւ կը սիրէ կոկիկ բաժանումներու մէջ դասաւորել մարդիկը եւ խուճապի կը մատնուի, երբ նուազագոյն ակնարկութիւնը կը կատարուի բազմազանութեան: Օրինակ, նկատի ունենանք Հաուըրտ Հիւկզը, որ միաժամանակ առասպելի կարգ անցած օդաչու մըն էր, շարժապատկերի հսկայ մը, մեծահարուստ գործատէր մը, հանրածանօթ անձ մը, որ սակայն բանտարկուած կը մնար իր տան մէջ, որովհետեւ կը տառապէր աղտոտութեան ահաւոր վախէն: Այսուհանդերձ, Հիւկզ քաջարի օդաչու մըն էր եւ օդանաւը երկինք բարձրացնող ռահվիրայ մը, որ հաստատած է եւ կոտրած` բազմաթիւ մրցանիշներ: Հիւկզ կը սարսափէր մանրէներու պատճառով մեռնելու գաղափարէն: Ան իր կեանքին վերջին օրերը ապրած է առանց լոգնալու, ցնցոտիներու մէջ, մազերը` երկար եւ անխնամ, եղունգները` ոլորուած, իսկ թեւերուն մէջ` դեղեր ներարկող 5 ասեղներով: Հիւկզի հարստութիւնը կը գնահատուէր 2 միլիառ տոլարով:
Հակասութիւններով եւ տարաչափութիւններով լեցուն Հիւկզի կենսագրութիւնը ջղաբան Պրուս Հուտի մղած է հետազօտելու բաղկացուցիչ տարրերը այն փորձառութեան, զոր կը կոչենք «ինքնութիւն»:
Իր «Տը սելֆ իլուժըն. հաու տը սոշըլ պրէյն քրիէյց այտենթիթի» գիրքին մէջ Հուտ կը փորփրէ գիտակցութեան բնոյթին եւ գործընթացին վերաբերող վէճերը եւ ցոյց կու տայ, թէ անոնք որքանո՛վ կը համապատասխանեն իրականութեան: Ան կը գրէ.
«Ամէն առաւօտ կ՛արթնանք եւ կ՛ապրինք գիտակցութեան հարուստ ներկայութեան մը փորձառութիւնը. կը տեսնենք առաւօտեան պայծառ արեւուն լոյսը, կը շնչենք խարկուած սուրճին բոյրը, մեզմէ ոմանք կը զգան իրենց կողքին պառկած անձին ջերմութիւնը: Մինչ կը թօթափենք մեր քնաթաթախ վիճակը, կը սկսինք աստիճանաբար արթնալ եւ դառնալ այն, ինչ որ ենք: Առաւօտեան երազներու եւ մոռացութեան մշուշը կը սկսի նօսրանալ եւ կ՛անհետանայ, մինչ ճանչնալու եւ վերյիշելու գործընթացները թափ կ՛առնեն եւ մեր յիշողութիւններուն պարունակութիւնը կը հոսեցնեն դէպի մեր գիտակցութիւնը: Այս միջոցին կ՛արձանագրուին կարճ պահեր, երբ չենք գիտեր, թէ ո՛վ ենք մենք, ապա յանկարծ «եսը», այն, որ արթուն է, կ՛արթնայ: Կը հաւաքենք մեր մտածումները, որպէսզի «եսը», որ գիտակից է, դառնայ «ինքս». այսինքն` անձ մը, որ ունի իր անցեալը: Նախորդ օրուան յիշողութիւնները կը վերադառնան: Անմիջական ապագայի ծրագիրները կը վերաձեւաւորուին: Այն գիտակցութիւնը, թէ ընելիքներ ունինք, մեզի կը յիշեցնէ, թէ աշխատանքային օր մը կը սպասէ մեզի: Կը դառնանք անձ մը, որուն ծանօթ ենք»:
«Բնութեան կանչը մեզ կ՛առաջնորդէ լուացարան եւ հոն հայելիին մէջ ակնարկ մը կը նետենք հայելիին: Պահ մը կը խորհրդածենք: Կը մտածենք, թէ քիչ մը աւելի տարեց կ՛երեւինք: Սակայն տակաւին նոյն անձն ենք, որ նոյն հայելիին մէջ կը նայի ամէն առաւօտ: Մեր ինքնութիւնը կը տեսնենք այս հայելիին մէջ: Ա՛յս ենք մենք»:
«Ինքնութեան այս առօրեայ փորձառութիւնը շատ ծանօթ բան մըն է: Այսուհանդերձ, ուղեղի գիտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինքնութեան այս զգացողութիւնը խաբկանք մըն է: Հոգեբան Սիւզըն Պլեքմոր կը նշէ, թէ «խաբկանք» բառը չի նշանակեր, թէ անիկա գոյութիւն չունի, այլ խաբկանքը այն չէ, ինչ որ կը թուի ըլլալ: Բոլորս ալ վստահաբար կ՛ապրինք ինքնութեան որոշ փորձառութիւն մը, սակայն այն փորձառութիւնը, զոր կ՛ապրինք, հզօր պատկերում մըն է, որ ծնունդ կ՛առնէ մեր ուղեղին մէջ` ի նպաստ մեզի»:
Հուտ կը շարունակէ նկարագրել, թէ ինչպէ՛ս ինքնութիւնը ծնունդ կ՛առնէ մանկութեան տարիներուն եւ կը քննէ այն իրողութիւնը, թէ ինչո՛ւ այս խաբուսիկ ինքնութեան գաղափարը ընդունիլը շատ դժուար է: Ինքնութեան «եսի» վրայ կեդրոնացած տեսութիւնը, որուն համաձայն, մենք կենսական գոյութիւն մըն ենք` մարմնի մը մէջ ամփոփուած, կը հակադրուի Հիւմի «ծրարի տեսութեան», որուն համաձայն, ինքնութիւնը առանձին գոյութիւն մը չէ, այլ` զգացողութիւններու, ըմբռնումներու եւ մտածումներու իրարու վրայ բարդուած ամբողջութիւն մը: Հիւկ կը վիճի, թէ ջղագիտութիւնը կը պաշտպանէ միայն այս երկրորդ տեսութիւնը: «Ինքնախաբէութիւնը» գիրքը կը պատմէ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կը կազմուի այս «ծրարը» եւ ինչպէ՛ս չի տարբաղադրուիր անոր պարունակութիւնը: Անիկա կը ի յայտ կը բերէ ուղեղին սեփական պատմութիւնը` իբրեւ ինքնութեան կեդրոնական ուժը:
Պատրաստեց՝
Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

