Գիտութիւն, Երեւակայութիւն Եւ Ուղեղ. Ինչո՞Ւ Չենք Հաւատար Գիտութեան
ՈՒՂԵՂԻ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՛ՕԳՆԵՆ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՔ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ: ԵՈՆԱ ԼԵՐԸՐ «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԸՐ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԲՆԱԶԴԱՅԻՆ ՊԱՐԶԱՄԻՏ ԸՄԲՌՆՈՒՄՆԵՐՈՒՆ` ՀԱԿԱՌԱԿ ԳԻՏԱԿԱՆ ՀԶՕՐ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐՈՒ:
Անցեալ շաբաթ վիճակագրութիւններու վրայ հիմնուած լուրեր հրապարակող Կոլափ ընկերութիւնը յայտարարեց արդիւնքները իր նորագոյն յայտնաբերումին` ամերիկացիներուն եւ եղափոխութեան տեսութեան վերաբերեալ: Թիւերը զգայացունց հարուած մըն էին երկրորդական վարժարանի ուսուցիչներուն համար. չափահասներուն 46 առ հարիւրը կը հաւատար, թէ` «Աստուած մարդը իր ներկայ կերպարով ստեղծած էր վերջին 10 հազար տարիներուն»: Միայն 5 առ հարիւրը համաձայն էր, թէ մարդը եղափոխուած էր` առանց երկնային ուժի մը ներգործութեան:
Այս թիւերուն ամէնէն յատկանշական երեւոյթը անոնց կայունութիւնն է: Տուեալ համեմատութիւնները իրողաբար անփոփոխ մնացած են 30 տարիէ ի վեր. այսինքն` այն օրէն, երբ Կոլափ սկսած է ուղղել այս հարցումները: 1982-ին ամերիկացիներուն 44 առ հարիւրը ամուր կերպով կը հաւատար արարչագործութեան տեսութեան, ինչ որ վիճակագրական դիտանկիւնէն չնչին փոփոխութիւն կրած է մինչեւ 2012: Աւելի՛ն. կենսաբանական եղափոխութեան հաւատացող ամերիկացիներուն համեմատութիւնը վերջին 20 տարիներուն աւելցած է միայն 4 առ հարիւրով:
Վիճակագրական նման տուեալներ մտածել կու տան երկու հարցումներու մասին. ինչո՞ւ գիտական կարգ մը գաղափարներու հաւատալը դժուար է եւ` Ի՞նչ բան կը մղէ, որ մարդկային ուղեղը այսքա՛ն դիմադրէ նման տուելաներու, նոյնիսկ երբ անոնք կը պաշտպանուին մեծ թիւով ապացոյցներով:
Մեր Տգիտութեան Յամառութիւնը
Օքսիտենթըլ քոլեճին մէջ Անտրու Շթուլման գլխաւորած է իմացական կարողութեան վերաբերող նոր ուսումնասիրութիւն մը, որ կ՛օգնէ բացատրելու մեր տգիտութեան յամառութիւնը: Ինչպէս Շթուլման կը նշէ, մարդոց ուղեղը դատարկ էջ մը չէ, որ պատրաստ է իր աշխարահայեացքին մէջ ներառելու նորագոյն փորձարկութիւններուն արդիւնքը: Ընդհակառակը, մարդիկ զինուած են ամէն տեսակ բնազդային պարզամիտ աշխարհահայեացքներով, որոնց մեծ մասը ճիշդ չէ: Օրինակ, մարդիկ բնազդաբար կը հաւատան, թէ ջերմութիւնը տեսակ մը տարր է, թէ` արեւը կը դառնայ երկիրին շուրջ: Սակայն կայ նաեւ եղափոխութեան հեգնանքը. կը թուի, թէ մեր սեփական կազմաւորումին եւ զարգացումին նկատմամբ մեր կարծիքները չեն եղափոխուիր:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ գիտական կրթութիւնը պարզապէս նոր տեսութիւններ սորվելու հարց չէ, այլ` անիկա կը պահանջէ, որ աշակերտներ սորվին չհետեւիլ իրենց բնազդներուն եւ թօթափեն սխալ հաւատալիքներ, այնպէս` ինչպէս օձը կը թօթափէ իր հին մորթը:
Արձանագրելու համար լարուածութիւնը գիտական նոր գաղափարներու եւ մեր ոչ գիտական տպաւորութիւններուն միջեւ` Շթուլման յայտնագործած է պարզ քննութեան մը գաղափարը: Ան քննութիւնը կատարած է գիտական նիւթերու եւ ուսողութեան բազմաթիւ դասընթացքներու հետեւած քոլեճի աւարտական դասարանի 150 ուսանողներու վրայ: Ան ուսանողներէն պահանջած է կարդալ գիտական քանի մը հարիւր հաստատումներ եւ անմիջապէս որոշել անոնց ճշմարտութիւնը:
Քննութիւնը հետաքրքրական դարձնելու համար Շթուլման ուսանողներուն ներկայացուցած է այնպիսի հաստատումներ, որոնք բնազդային եւ փաստագրական առումով ճիշդ են (օրինակ` «լուսինը կը դառնայ Երկիրին շուրջ»), ինչպէս նաեւ` այնպիսի հաստատումներ, որոնց գիտական ճշմարտութիւնը կը հակասէ մեր բնազդային ըմբռնումներուն (օրինակ` «Երկիրը կը դառնայ արեւուն շուրջ»):
Ինչպէս նախատեսուած էր, ուսանողներ շատ աւելի երկար ժամանակ յատկացուցած էին որոշելու գիտական ճիշդ հաստատումներուն ճշմարտութիւնը, որ կը հակասէր իրենց բնազդային ըմբռնումներուն: Գիտական իւրաքանչիւր դասաւորումի վերաբերող հարցումներու դիմաց, սկսեալ եղափոխութենէն մինչեւ աստղագիտութիւն եւ բնագիտութիւն, անոնք պահ մը կանգ առած էին նախքան իրենց համաձայնութիւնը տալը, թէ` Երկիրը կը դառնայ արեւուն շուրջ, թէ` ճնշումը ջերմութիւն կը յառաջացնէ, թէ` օդը կազմուած է մասնիկներէ: Թէեւ գիտենք, որ այս բաները ճիշդ են, սակայն պէտք է անտեսենք մեր բնազդային ըմբռնումները, որպէսզի ընդունինք անոնց ճշմարտացիութիւնը, ինչ որ նկատառելի ժամանակ կը պահանջէ մեզմէ:
Նման արդիւնքներու մէջ զարմանալին այն է, թէ նոյնիսկ, երբ կ՛իւրացնենք գիտական գաղափար մը( օրինակ` չափահաս անձերու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՛ընդունի Կոպեռնիկոսի այն ճշմարտութիւնը, թէ` Երկիրը տիեզերքին կեդրոնը չէ), մեր բնազդային սկզբնական հաւատալիքները կը շարունակեն յամենալ մեր ուղեղին մէջ: Երբեք չենք կրնար սորվիլ ամբողջութեամբ հրաժարիլ աշխարհի վերաբերող մեր բնազդային սխալ ըմբռնումներէն: Պարզապէս կը սորվինք անտեսել զանոնք:
Շթուլման եւ անոր գործակիցները հետեւեալ ձեւով կ՛ամփոփեն իրենց յայտնաբերումները.
«Երբ ուսանողներ կը սորվին գիտական տեսութիւններ, որոնք կը հակասեն նախապէս իրենց հաւատացած պարզամիտ տեսութիւններուն, ի՞նչ կը պատահի այս նախկին տեսութիւններուն: Մեր յայտնաբերումները մտածել կու տան, թէ այս պարզամիտ տեսութիւնները կը նահանջեն գիտական տեսութիւններուն դիմաց, սակայն չեն փոխարինուիր այս տեսութիւններով»:
Մինչ այս նոր ուսումնասիրութիւնը բաւարար չափով կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ ամերիկացիները այսքան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանան գիտական գաղափարներու (օրինակ` եղափոխութեան տեսութիւնը կը հակասէ, թէ՛ մեր բնազդային պարզամիտ ըմբռնումներուն եւ թէ՛ կրօնական հաւատալիքներուն), անդին` անիկա նաեւ բան մը կ՛աւելցնէ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութեան մը վրայ, որուն ընթացքին արձանագրուած էր սորվելու պահուն ուղեղին մէջ կատարուած գործունէութիւնը: Մինչեւ որ չհասկնանք, թէ ինչո՛ւ ոմանք կը հաւատան գիտութեան, երբեք պիտի չկարենանք գիտնալ, թէ ինչո՛ւ մարդոց մեծ մասը չի հաւատար գիտութեան:
Կալիլէօ` Ընդդէմ Արիստոտելի
Մերիլենտի համալսարանէն հոգեբան Քեւին Տանպար 2003-ին կատարած իր ուսումնասիրութեան մէջ համալսարանի ուսանողներու ցոյց տուած էր երկու կարճ տեսերիզներ, որոնք կը պատկերէին օդէն ինկող տարբեր չափի երկու գնդակներ: Առաջին տեսերիզը ցոյց կու տար, թէ գնդակները կ՛իյնային նոյն արագութեամբ: Երկրորդ տեսերիզը ցոյց կու տար, թէ աւելի մեծ չափի գնդակը կ՛իյնար աւելի արագ: Նկարահանումը մէկ տարբերակն էր Կալիլէոյի հռչակաւոր (թէեւ կասկածելի է պատմութիւնը) այն փորձին, որուն համաձայն, ան երկու տարբեր չափի թնդանօթի գնդակներ նետած էր Փիզայի աշտարակէն վար: Կալիլէոյի նետած մետաղէ գնդակները ճիշդ նոյն ժամուն ինկած էին գետին: Ասիկա կը ջրէր Արիստոտելի այն հաստատումը, թէ ծանր իրերը թեթեւ իրերէն աւելի արագ գետին կ՛իյնային:
Մինչ ուսանողները կը դիտէին տեսերիզները, Տանպար կը պահանջէր, որ անոնք ընտրէին ձգողական ուժի ճիշդ պատկերումը ներկայացնող նկարահանումը: Զարմանալի չէր, որ բնագիտութեան դասընթացքներու չհետեւած ուսանողներ տարակարծիք էին Կալիլէոյի հետ: Անոնց համար խորապէս անիրական էր այն գաղափարը, թէ երկու գնդակները կ՛իյնային նոյն արագութեամբ (բնազդային առումով` բոլորս ալ Արիստոտելի հետեւորդներ ենք): Աւելի՛ն. երբ Տանպար Էմ. Ար. Այ. մեքենայով հետեւած է ուսումնասիրութեան մասնակցող անձերուն ուղեղին մէջ տեղի ունեցած գործընթացին, ան ի յայտ բերած է, թէ երբ բնագիտութեան անծանօթ ուսանողներ կը դիտէին գիտական ճիշդ տեսութիւնը պատկերող տեսերիզը, անոնց ուղեղը խթան մը կը ստանար եւ յատուկ շարժում մը կ՛արձանագրուէր անոր գործունէութեան մէջ. արիւն դուրս կու գար ուղեղին կեդրոնին այն մասէն, որ կ՛առնչուի սխալներ եւ հակասութիւններ ըմբռնելու: Ջղագիտութեան մասնագէտներ ուղեղին այս մասը կը նկատեն անակնկալ յուսախաբութեան հոսանք մը ստեղծող կեդրոնը: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ անիկա կը խթանուի, երբ կը դիտենք տեսաերիզ մը, ուր կը թուի, թէ կը պատկերուի սխալ բան մը, նոյնիսկ եթէ անիկա ճիշդ է:
Այս տուեալը անակնկալ յայտնաբերում մը չէ: Արդէն ծանօթ իրողութիւն է, որ ուսանողներուն մեծ մասը զուրկ է գիտական հիմնական ըմբռնումներէն: Տանպար նոյն փորձը կատարած է նաեւ բնագիտութեան ուսանողներու վրայ: Եւ ինչպէս ակնկալելի էր, անոնց ուսած նիւթը առիթ տուած է, որ անոնք ճանչնան սխալը. այլ խօսքով` անոնք գիտէին, թէ Կալիլէոյի տարբերակն էր ճիշդը:
Սակայն, միաժամանակ ի յայտ եկած էր, թէ հետաքրքրական բան մը տեղի կ՛ունենար գիտական նիւթերու հետեւող ուսանողներուն ուղեղին մէջ եւ պատճառ կը դառնար, որ անոնք կառչէին գիտական տուեալ համոզումին: Երբ անոնք կը դիտէին գիտական ճիշդ բովանդակութեամբ տեսերիզը, արեան հոսքը աւելցած էր անոնց ուղեղին այն մասին մէջ, որ կը գտնուի ճակատին ետեւը, եւ որ ամէնէն վերջ կը կազմաւորուի կանուխ չափահասութեան: Ուղեղին այս մասը կենսական դեր կը խաղայ այսպէս կոչուած անբաղձալի պատկերումները զսպելու, անպէտ կամ ոչ օգտակար մտածումներէն ձերբազատելու: Եթէ չենք ուզեր մտածել սառցարանին մէջ մեզ սպասող պաղպաղակին մասին, կամ երբ կարիքը կը զգանք կեդրոնանալու դժուար պարտականութեան մը վրայ, կը նշանակէ, թէ մեր ուղեղին այս մասը ծանր գործի լծուած է:
Տանպարի համաձայն, բնագիտութեան ուսանողները գործի լծած են իրենց ուղեղին այս մասը, որովհետեւ կը փորձէին զսպել իրենց բնազդային ըմբռնումները եւ դէմ դնել Արիստոտելի սխալին գրաւիչ ընտրանքին: Շատ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար, եթէ բնագիտութեան օրէնքները համապատասխանէին մեր պարզամիտ հաւատալիքներուն, կամ եթէ եղափոխութեան տեսութիւնը սխալ ըլլար եւ ապրող բաները եղափոխուած չըլլային պատահական այլակերպումներով: Սակայն իրականութիւնը հայելիի նման պարզ չէ: Գիտութիւնը լեցուն է տարօրինակ փաստերով: Այս պատճառով է, որ ճիշդ տարբերակին հաւատալը աշխատանք կը պահանջէ:
Անշուշտ մտային այս յաւելեալ ճիգը միշտ չէ, որ ներկայ է. պատճառ մը կայ, որ զայն կը կոչեն «իմացական աններդաշնակութիւն»: Քանի մը հարիւր տարի տեւեց, մինչեւ որ Կոպեռնիկոսի յեղափոխութիւնը յաջողեցաւ: Ներկայ կշռոյթով` Տարուինեան յեղափոխութիւնը, գէթ` Ամերիկայի մէջ, նոյնքան պիտի տեւէ, մինչեւ որ յաջողի:
Պատրաստեց՝
Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


