Տեշան Կը Մտադրէ Հեռանալ Մարսէյէն

Տիտիէ Տեշան

Ֆրանսական «լ՛Էքիփ» մարզաթերթին համաձայն, շատ հաւանաբար Մարսէյի մարզիչ Տիտիէ Տեշան լքէ իր պաշտօնը եւ հեռանայ խումբէն: Նկատի ունենալով, որ ակումբին մէջ ստեղծուած է անտանելի վիճակ մը, ան կ՛ուզէ դիմել այս քայլին:

Ան նախորդ ամիս` մայիսին, իր այս որոշումը յայտնած էր ակումբին պատասխանատուներուն, հակառակ անոր որ ան մինչեւ 2014 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է իր ակումբին հետ:

Ան քիչ մը դժգոհ է Մարսէյէն, որովհետեւ մարզիկներու փոխանցումները իր փափաքածին պէս չեն ըլլար:

Եթէ ան մեկնի խումբէն, շատ հաւանաբար Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի մարզիչ Լիուսեն Ֆաւրը ստանձնէ անոր պաշտօնը:

 

Share this Article
CATEGORIES