Պօղոսեանի Ամսականը Ամէնէն Բարձրը` Նասիոնալի Հետ
Ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան, որ ներկայիս մաս կը կազմէ Նասիոնալ Մոնթեվիտէոյի (Ուրուկուէյ), այժմ իր ակումբին մէջ կը ստանայ ամէնէն բարձր ամսականը, կը յայտնէ Armsport.am լրատուական կայքէջը: Սակայն կը կարծուի, որ սոյն ակումբը պիտի չշարունակէ իր մօտ պահել հայազգի ֆութպոլիստը` նկատի ունենալով, որ ան բարձր ամսական ունի, սակայն թիւով այդքան ալ շատ կոլեր չի նշանակեր իր կազմին հետ:
«Օվասիոն» կը յայտնէ, որ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան ան ընդամէնը նշանակած է հինգ կոլ (մէկ կոլը` դարձի մրցումներուն):
Նշենք, որ Պօղոսեանի ստորագրութիւնը կը պատկանի աւստրիական Սալզպուրկի, որուն հետ ան նախորդ տարեշրջանին 18 մրցումի ընթացքին նշանակեց միայն կոլ մը:
CATEGORIES Մարզական


