Թրքական Ակումբներուն Արգիլուեցաւ Ֆութպոլի Մրցումներ Կատարել Գերմանիոյ Մէջ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ այսուհետեւ թրքական ակումբներուն կ՛արգիլուի ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ կատարել Գերմանիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ընդհանրապէս կատարուած բոլոր մրցումներուն միշտ ալ խուլիկանութիւններն ու կռիւները անպակաս կ՛ըլլան թուրք համակիրներուն կողմէ:
Վերջին տարիներուն Գերմանիոյ մէջ բանակում կատարած թրքական ակումբներուն կատարած մրցումներուն ընթացքին անկարգապահութիւնները միշտ ալ եղած են անպակաս:
Ֆեներպահչէ եւ Կալաթասարայ, որոնք ծրագրած էին մրցումներ կատարել Գերմանիոյ մէջ, այժմ այլ երկրի մը փնտռտուքի աշխատանքին պէտք է սկսին:
CATEGORIES Մարզական

