Լիբանանի Թրիաթլոնի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Երկու Տարբեր Տեսակի Ուսուցման Դասընթացքներ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ ու հսկողութեամբ Արաբական եւ միջազգային թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, տեղի պիտի ունենան երկու տարբեր տեսակի ուսուցման դասընթացքներ:
Առաջինը, որ մարզիչներու դասընթացք մըն է, տեղի պիտի ունենայ 12-15 յուլիսին: Ասոր իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել բոլոր անոնք, որոնք լողարշաւի կամ հեծելարշաւի մարզիչ են եւ կամ ունին յատուկ վկայագիրներ` մարզիչութեան ասպարէզին մէջ:
Երկրորդը այլ դասընթացք մըն է, որ կը վերաբերի մրցաշարքերու կազմակերպման, որուն ընթացքին յատուկ անձեր պիտի պատրաստուին հսկելու մրցաշարքերուն բոլոր դիտանկիւններէն: Այս դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ 13-15 յուլիսին: Անոր կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք լողարշաւի, հեծելարշաւի եւ կամ վազքի մրցումներու հսկած են:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 30 յունիս 2012-ը:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց անունները արձանագրել, կրնան ե-նամակի [email protected] հասցէին ուղարկել իրենց անունը եւ կամ հեռաձայնել Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօր. Մահմուտ Տիպի (03-772262) եւ կամ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Սալահ Ֆարրանի (03-430851):

