Եզնիկ Թերզեանի Յիշատակին

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՐՕՆԵԱՆ

Եզնիկը… ընտանեկան թէ հանրային շրջանակներուն մէջ, մտերիմներու թէ պարզ ծանօթներու մօտ, այս անունին արտասանութիւնը անվրէպ կը յարուցէր համակրանքի ալիք մը` լսողի սրտին խորը եւ ուրախութեան շող մը` անոր աչքերուն մէջ: Ուստի եւ բնական է, որ Եզնիկի մահուան լուրն ալ նոյն շրջանակներուն մէջ յառաջ բերէր սրտի ուժգին ճմլում մը եւ նայուածքներու մթագնում:

Եթէ մեր ընկերները ուշ ճանչնալով հանդերձ շատ սիրեցին Եզնիկը, պատճառն այն է, որ այս մարդը ձիրքն ունէր ներզգալու բարեկամներու թաքուն ցաւերը եւ նաեւ այս ցաւերը սփոփելու գաղտնիքը` համաձայն ենթակային դիրքին ու խառնուածքին: Շնորհիւ այս ընդոծին բարեմասնութեան, Եզնիկ լիովին յաջողած էր նախ իր ընտանեկան յարկին տակ, ուր իր զաւակները այնքան սիրայօժար կը կատարէին հայրական պատւէրները, որքան իրենց նախասիրած խաղերն ու զբօսանքները:

Նոյն վարուելակերպն էր որ անիկա նոյնքան յաջողութեամբ կիրարկեց ազգային եւ կուսակցական շրջանակներուն մէջ, ուր Եզնիկ մտաւ զանգուածի անմերժելի բաղձանքին վրայ:

Հանրային գործի յանձնառութիւնը, Եզնիկի ըմբռնումին մէջ, ոչ թէ առիթ էր երեւնալու եւ սոնքալու, այլ ուխտ մըն էր աշխատելու եւ տառապելու: Ազգային կամ կուսակցական իր պաշտօններու շրջանին, յաճախ, իր տան մէջն իսկ, վկայ եղած եմ իր կնոջ եւ զաւակներու թախանձանքներուն, որոնք կը ձգտէին գէթ մասամբ ձերբազատելու զինք իր յանձնառութիւններէն, բայց ինք անոնց պնդումներուն կը հակադրէր միշտ իր պարզ ու ներողամիտ ժպիտը, որով յայտնաբար ըսել կ՛ուզէր. «Տէր, թող սոցա, զի ոչ գիտեն զինչ ասեն»: Իրեն համար հանրային ծառայութիւնը լոկ պարտականութիւն մը չէր, այլ խորունկ ապրում մըն էր:

Օտարերկրեայ բնակավայրերու ընծայած դժուարութեանց հետեւանքով, Եզնիկ երկար տարիներ հեռու գտնուած էր կուսակցական եռուն կեանքէ, բայց այս ակամայ մեկուսացումին պատճառով իր դաշնակցականի եռանդը բնաւ չէր նուազած, այլ անթեղուած կրակի մը պէս անվթար կը հսկէր իր սրտին մէջ: Պէյրութ հաստատուելէ  ետք, երբ կարելիութիւն գտաւ վերստին մտնելու շարքերուն մէջ, Զաւարեանի հոգիէն փոխանցուած այդ հին կրակն էր, որ իսկոյն յայտնուեցաւ իր սկզբնական անարատ փայլովն ու ներզօր ջերմութեամբ: Եւ մեր երիտասարդ ընկերները զինք ընդունեցին, ինչպէս պիտի ընդունէին կարօտով սպասուած մեծ եղբայր մը, որ կը վերադառնար իր երկարատեւ պանդխտութենէն:

Բայց ազգային յարաբերութեանց հասողութենէն հեռու այդ երկիրներուն մէջն անգամ, Եզնիկ միջոցը ստեղծած էր` իր զաւակները զերծ պահելու օտարացումէ եւ անոնց մէջ մշակելու հայկական արժէքներու պաշտամունքը` մայրենի լեզուի ուսուցումով:

Իր առողջակազմ երեւոյթը, տեւապէս գործելու պատրաստակամութիւնն ու դասաւորուած աշխատանքի ճաշակը, որ բնաւ զինք չլքեց, իր շրջապատին ոչ մէկ վախ տուած էին այն օրհասական աղէտին մասին, որ այնքան հապճեպով տարաւ մեր սիրելի ընկերը:

Գիտէինք, որ Սուտանի մէջ երկար տարիներ տառապած էր շնչարգելութենէ, բայց անապատի խորշակաւոր կլիմային պատճառով այդ հիւանդութիւնը զգալիօրէն թեթեւցած եւ գրեթէ դադրած էր զինք նեղելէ` Սուտանը լքելէն ետք: Այդ թուականէն ի վեր Եզնիկ իր ընտանեկան բոյնը վերահաստատեց Պէյրութի մէջ, իրեն համար քաղցր յիշատակներով եւ ոգեկոչումներով այնքան հարուստ, քանի որ Պէյրութ իր ուսանողական քաղաքը եղած էր, եւ իր ընտանիքէն մէկէ աւելի հարազատներ իրեն նախորդած էին հոն: Զաւակներէն երկուքը ամուսնացուցած էր, եւ ատենէ մը ի վեր Եզնիկ ծունկերուն վրայ թոռնիկ մը խաղցնելու անփոխարինելի երանութիւնը կը վայելէր: Այնպէս կը թուէր, թէ բախտը սկսած էր աւելի բարեացակամ ժպիտով մը նայիլ իրեն:

Յոյսերու վերածաղկումի այն շրջանին է ահա, որ մահը, մարդոց պայծառ հեռանկարներու այս բիրտ խանգարիչը, եկաւ կացնահարել զինք ծառի մը պէս, որ ոչ միայն ինքնին արժէք էր, այլ նաեւ հովանաւորն էր շրջապատի տունկերուն:

Անշուշտ, բոլոր յուղարկաւորները, որոնք Եզնիկը թաղեցին, իրենց արցունքներուն ընդմէջէն յուսալից ակնարկով մը դիտեցին իր շառաւիղ զաւակը, որ ձեռքին մէջ ունենալով աւելի ուժ եւ հնարաւորութիւն, շուտով պիտի վերականգնէ  տապալած ծառը աւելի բարձր ու բարգաւաճ:

Օրհնեա՜լ ըլլայ յիշատակդ, սիրելի՛ Եզնիկ. աններող ցաւի մը պրկումներով կաշկանդուած, ես չկրցայ հետեւիլ քու դագաղիդ, ուստի ներէ, որ պահիկ մըն ալ ես ընդհատեմ վերջին քունդ, իմ խոնարհ ու խորտակուած գրիչովս այս արտասուագին տողերը սփռելու քու խնկելի հողակոյտիդ վրայ` հրաժեշտի փոխարէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES