Մեսրոպեան Վարժարանի Ծաղկաստանէն 60 Աշակերտներ Ստացան Մանկապարտէզի Վկայականները

Շաբաթ, 16 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցան մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը:

Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Ալեքսանտր Սերմանուկեան, Վանայ Սեֆերեան եւ Ժորժ Կէօզիւկիւչիւքեան: Անոնք շեշտեցին, թէ Մեսրոպեանի մէջ անցուցած են հաճելի եւ դաստիարակիչ օրեր: Բարի գալուստի խօսքերուն յաջորդեց արաբերէն ասմունք մը, որմէ ետք աշակերտները երգեցին արաբերէն եւ ֆրանսերէն երգ մը:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի տնօրէն Մարիա Պէօճեքեան, որ նշեց, թէ վարժարանի տնօրէն  Կրեկուար Գալուստ ոչինչ կը խնայէ մանկապարտէզի յառաջդիմութեան համար:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրին վարժարանին: Մ. Պէօճեքեան ըսաւ, որ մանկապարտէզի շրջանաւարտները երեքամեայ կրթութիւնը ամբողջացնելէ ետք, արդէն պատրաստ են մուտք գործելու նոր հանգրուան մը:

Իր հայրական պատգամը փոխանեց Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ ծնողներուն փոխանցեց, թէ այս հանդէսը նոյնինքն ցուցանիշ է հաստատելու, որ Մեսրոպեան վարժարանի իրենց ընտրութիւնը արդարացի է եւ ճշգրիտ: Գերապայծառը ըսաւ, որ Մեսրոպեանի մէջ մանուկներու հոգիները կը թրծուին հայաշունչ, ազգային եւ քրիստոնէական ապրումներով: Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի անձնակազմին, որ նուիրուած է իր դժուարին առաքելութեան:

Ապա տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 60 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:

«Մենք ենք մեր սարերը» երգի կատարողութենէն ետք ներկաները դիտեցին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի միամեայ գործունէութեան մասին տեսերիզ մը:

Ապա մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին «Քաջ Նազարը» երաժշտախառն թատերգութիւնը: Այս ծիրին մէջ բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ դասարանները հայկական, արեւելեան, ֆրանսական, արաբական, եւրոպական, յունական եւ ամերիկեան պարերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին: Հետաքրքրական եւ հաճելի թատերական ներկայացումը փակուեցաւ «Սասնայ պար» եւ «Քոչարի» երգերու պարային կատարումներով:

Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Մեսրոպեանի մանկապարտէզը կրթութիւն ստանալու անդրանիկ քայլն է եւ այս առնչութեամբ անձնակազմը իր բոլոր ճիգերը համախմբելով` կը ծառայէ վարժարանի առաքելութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի մանկապարտէզի անձնակազմին եւ մաղթեց, որ յառաջիկային վարժարանը կ՛արձանագրէ նոր նուաճումներ եւ ձեռքբերումներ: Կրեկուար Գալուստ հաստատեց, որ մանկապարտէզը իրողապէս ապահով, վստահելի, արդիական եւ դաստիարակիչ կառոյց է:

Share this Article
CATEGORIES