Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուծոյ, Եկեղեցիին, Ազգին Ու Հայրենիքին Նուիրեալը…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, երէկ կատարուած «Գիւտ նշխարաց սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին» տօնին առիթով իւրաքանչիւր հայ հարցադրելու է ինքզինք. «Ինծի համար ո՞վ է եւ ի՞նչ է, կամ` այսօր ինծի ի՞նչ կ՛ըսէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ…»:
Այո՛, քեզի համար ո՞վ է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ… Հարցումը քեզմէ կը պահանջէ ծանօթացումն անոր կեանքին, որ աւելի՛ մարդանաս, հայանաս եւ քրիստոնէանաս:
Այո՛, քեզի համար ի՞նչ է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ…
Հրաւիրուած ես անոր գործունէութեան արժեւորումին մէջ գտնելու հայավարի կեանքիդ ուղեգիծը:
Այո՛, քեզի ի՞նչ կ՛ըսէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ… Կոչուած ես հարցաքննելու մտածելաձեւդ եւ ապրելակերպդ անոր խօսքին ու կերպարին ներկայութեան:
Այս երեք հարցադրումներուն դիտաւորութեան, անոնց երեք վերոնշեալ թելադրանքներուն քու կիրարկումիդ իբրեւ ազդակներ, արդիւնքի սատարող գործօններ շատ համառօտակի կը հայթայթեմ քանի մը ներբողական, մատենագրական ու պատմական տուեալներ:
Հինաւուրց ժամանակներէն մինչեւ մեր ժամանակները շարադրուեցան աղօթքներ «առ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ», գրուեցան շարականներ «պարթեւական մեղապարտ ազգէն Լուսաւորիչ»-ին, հիւսուեցան ներբողներ «յաղագս վարուց եւ նահատակութեան սրբոյն Գրիգորի Հայոց Մեծաց հայրապետին» (Ս. Յ. Ոսկեբերան), հեղինակուեցան քարոզներ «ի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն» (Ս. Գ. Նարեկացի), տրուեցան գովեստներ «ի սուրբ Գրիգոր ներտաղական երգով» (Ս. Ն. Շնորհալի), երգուեցան տաղեր «սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին հայոց» (Յ. Երզնկացի), յօրինուեցան եղանակներ, ստեղծաբանուեցան քերթուածներ, կատարուեցան ուսումնասիրութիւններ, վրձինուեցան իւղապատկերներ ու տպագրուեցան սրբանկարներ, ինչպէս ալ կառուցուեցան` եկեղեցիներ, վանքեր, արձաններ ու կոթողներ:
Ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ լատինածէս ու յունածէս եկեղեցիները կը յարգեն եւ կը տօնեն «Հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը»: Յիշեմ, օրինակի համար, որ իտալական Նափոլի քաղաքին երկրորդ պաշտպան սուրբն է իր «San Gregorio Armeno» նշանաւոր ուխտավայրով, իսկ Աթոս կղզիին յոյն օրթոտոքս «Gregoriu» վանքին մէջ 1453-էն սկսեալ յարգանքի առարկայ է «Ս. Գրիգոր Մեծագոյն Հայոց» քանդակուած արծաթեայ նշխարանոցը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գանկին: Լիբանանեան Հարիսա լեռնաշէնին մէջ կանգնած յոյն կաթողիկէներուն հոյակերտ պազիլիքային սրբանկարուած «Եկեղեցւոյ հայրեր»-էն մին է «Հայոց առաջին հայրապետը»:
«Խոստովանող Քրիստոսի», «ճշմարիտ վկայ», «բազմաչարչար նահատակ», «ծնող հոգեւոր», «գորովագութ հայր», «առաքեալ եւ քարոզիչ», «բարութեան աւետարանիչ», «րաբունեացն պետ», «լոյս հայաստանեայց», «սերովբէիցն կցորդ», «լուսաւորիչ հոգւոց» եւ «մեր հաւատքի հայր» հռչակեալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ «մեզմէ իւրաքանչիւրին մեծագոյն բարերարն է», որուն ամէնէն աւելի տպաւորող իւրայատկութիւնն է «հերոսական քաջութիւնը` Քրիստոսը խոստովանելու մէջ»:
Ստուգիւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ է հայադրոշմ քրիստոնէութեան հարազատ հոգիին առաջին ներկայացուցիչը: Հոգի՛ն հաւատքին, հոգի՛ն խանդին եւ հոգի՛ն զոհաբերումին:
Խօսք ու բառ չեն լոկ, այլ նաեւ կեանք եւ գործ են անոր, որ կը մնայ «մեր լուսաւորութեան լուսաւոր վերակացուն» (Մովսէս Խորենացի) եւ միշտ «քարոզիչ ճշմարիտ Աստուծոյ խօսքին, որով հերքուեցաւ խաւարը թանձրամած հայաստանեայց ազգին» (Շարակնոց):
Ժամանակակից հոգեւոր մատենագրի մը շատ ուղիղ տեսութեամբ, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ` մեր առաջնորդը եւ օրինակը» կը հանդիսանայ, որ իբրեւ «ջահ վառեալ եկեղեցւոյ» եւ «Արարատ` Մասիս վեհափառ ազգիս» մեր «հայ դարերն ու դէմքերը կը զօդէ իրարու եւ կը ձուլէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ»:
Նոյն հեղինակէն կը մէջբերեմ.«Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ` ի՛նքն է յարդարողը հայուն դէպի Աստուած: Ի՛նքն է ուղին դէպի Տէրը: Ի՛նքն է առաջնորդը դէպի յաւիտենականութիւնը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ` ի՛նքն է ներշնչողը հայուն` անսասան մնալու Քրիստոսի սկզբունքներուն մէջ եւ հաւատարիմ ըլլալու Անոր սրբութիւններուն:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ` ի՛նքն է լուսակերտողը հայրենիքին մեզի տուած աստուածային լոյսով, մեզի պատուաստած երկնային յոյսով»:
Ցարդ ըսուածներն ու մէջբերումները հաստատելով` կը դառնամ վերի հարցադրումներուն եւ
կու տամ իմ հակիրճ պատասխանս մեր առաքելաջան առաջին կաթողիկոսին մասին, որուն կատարած դարձը հայերուս եւ անոնց թագաւորութեան` անկշռելի տարողութեամբ պատմական մեծագոյն իրողութիւնն է, քանի «յաջորդ բոլոր դէպքերը կը դասաւորուին անոր յարաբերութեամբ»:
Բազմազան յատկութիւններու, բազմերանգ որակումներու կողքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ինծի համար նուիրուածութեան մարմնացումն է, որով, անկասկած, ամէնէն աւելի իմ հոգիիս ու մտքիս հայածին գոյերը կը տպաւորէ եւ կը ջերմացնէ:
Այո՛, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անսակարկօրէն ընդունեցաւ իր ղրկուածութիւնը եւ անվերապահօրէն հաւատաց իր առաքելութեան: Այս գիտակից ընկալումէն եւ այս գործօն հաւատքէն վառուած ու վարուած` ամբողջապէս նուիրուեցաւ այն վսեմ ու վսեմացուցիչ աշխատանքին, որուն համար սահմանուած էր աստուածային նախախնամութենէն:
Անտարակոյս, Քրիստոսի նուիրուածութեան ո՛չ հաւասարող ուժականութիւն կայ եւ ո՛չ ալ` արդիւնաւէտութիւն: Անոր մէջ ներփակեալ են բոլոր դարերու բոլոր ընտրեալներու նուիրուածութեան ոգին, սէրը, կորովը, բերքն ու նպատակը:
Աստուծոյ, եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին հանդէպ «չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար» (Յվհ. 15,13) քրիստոսական բնաբանով տոգորուած հայ նուիրեալներու հոյլին գլուխն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ: Անոր հետեւորդն ըլլալու կոչուած է իւրաքանչիւր էակ, որ մեռոնուած հայանուն է…
– «Ականջը խօսի», օրինակի համար, Հայաստանի նոր-հին իշխանաւորներուն, որոնք հեգնօրէն իրենքզիրենք «Մեծն Տրդատ Գ.»-ներ համարելով իսկ` կը մնան իրենց եսին, աթոռին ու գրպանին ստրկացած «տիպար»-ները եւ ո՛չ «Տրդատ»-անման նուիրեալներն իրենց երկրին ու ժողովուրդին` առաջնորդուած եւ լուսաւորուած «Ս. Գրիգոր Հայոց Մեծաց հայրապետէն»…:
Այնճար, 24 Յունիս 2012

