ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԷԼԵՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Թաթարստանի մայրաքաղաք Քազանի մէջ կը շարունակուին տեղի ունենալ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները:
Աղջկանց 53 քկ դասակարգին մէջ Էլեն Գրիգորեան` ընդամէնը բարձրացնելով 195 քկ հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Պէտք է նշել, որ ան յաջողեցաւ բաւական լաւ եւ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրել:
Այս դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Այլին Տաշտելեն (Թուրքիա), որ բարձրացուց 202 քկ:
CATEGORIES Մարզական

