ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՍԿՍԱՒ

Երէկ, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ Գագիկ Ծառուկեանի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքը բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք:

Հայկական մամուլը տեղեկացուց, որ բացման արարողութեան թրիպիւնները ամբողջութեամբ լեցուն էին, նոյնիսկ քանի մը հարիւր հանդիսատեսներ չկրցան համալիր մտնել:

Մասնակցող հաւաքականները թիւով 16 էին` նկատի ունենալով, որ կարգ մը երկիրներու հաւաքականները չկրցան Հայաստան ժամանել: Երբ բոլոր երկիրները մրցասպարէզ մուտք գործեցին, մարզասէրները մեծ ոգեւորութեամբ ողջունեցին զանոնք, յատկապէս Հայաստանի եւ Ռուսիոյ հաւաքականներուն:

Հայաստանի հաւաքականը այս մրցաշարքին մարտական կազմով ներկայացած է: Հայրենի ընտրանին ամէնէն շատ մարզիկներ ունի. շուրջ քառասուն կռփամարտիկներ կը մասնակցին մրցաշարքին:

Բացման արարողութեան ողջոյնի իր խօսքը ըսաւ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ամէնէն կարեւորը մարզասէրներուն կողմէ ցուցաբերուող մեծ ոգեւորութիւնն է:

Վերջին բաժինին մէջ Ծառուկեան ըսաւ, որ նմանօրինակ մրցաշարքերուն ընդմէջէն Հայաստան աշխարհին պէտք է ցոյց տայ, որ պատրաստ է բարձր մակարդակի մրցաշարքեր հիւրընկալելու եւ անշուշտ լաւ արդիւնքներ ալ արձանագրելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES