Մեծ Պետութիւնները Սուրիոյ Մէջ Իշխանութեան Փոխանցման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան յայտարարեց, որ Ժընեւի մէջ «Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակ»-ի ժողովին մասնակցող արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան ծրագիրի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Անան չնշեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ տագնապի լուծման մէջ դերակատարութիւն պիտի ունենա՞յ, թէ՞ ոչ, սակայն յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը ի՛նք պիտի ճշդէ պէտք եղած քայլերուն բնոյթը:
Համաձայնութիւն գոյացաւ Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութիւն կազմելու ծիրի մը շուրջ, որ կը ներառէ Ազգային միութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը:
Անան յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է սահմանադրական բարեփոխումներ կատարել, ինչպէս նաեւ ազատ եւ պարկեշտ ընտրութիւններ կայացնել:
Անան ժողովէն ետք տրուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին մերժեց Ասատի ճակատագիրին մասին հարցումի մը պատասխանել եւ նշեց, որ Ժընեւի ժողովին արդիւնքները շատ յստակ են, եւ սուրիացի ժողովուրդին կը մնայ քաղաքական համաձայնութեան հասնելու միջոցները գտնել:
Անան կարեւոր նկատեց, որ Սուրիա «աղէտալի մակարդակի հասած» բռնարարքները մնայուն կերպով դադրեցնելու նոր յանձնառութիւն ներկայացնէ` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը բռնարարքներու դադրեցման համար իր ճնշումները կը բարձրացնէ:
Ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որոշումի մը հրապարակման բրիտանական կոչին, Անան յայտնեց, որ ատիկա խորհուրդին կը վերաբերի: Ան ընդգծեց, որ «դժուար աշխատանքը հիմա կը սկսի, եւ անհրաժեշտ է միասնաբար գործել` գոյացած համաձայնութիւնը գործադրելու համար»:
Նշենք, որ Ռուսիա մերժած էր համաձայնութեան մէջ ներառել կէտ մը, որ Ասատին կոչ կ՛ուղղէր Ազգային միութեան կառավարութեան կազմութեան ճամբան հարթելու համար իշխանութենէն հեռանալ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը առաջարկուած ծրագիրը վաւերացման համար պիտի փոխանցէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը սուրիացիներուն ոչինչ պիտի պարտադրէ` աւելցնելով, որ Ժընեւի ժողովին մէջ կարեւորը այն է, որ անիկա սուրիական տագնապի լուծում մը չի պարտադրեր:
Լաւրով ըսաւ, որ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին հիմամբ որոշումի մը մասին կարելի չէ խօսիլ, նախքան Անանի խաղաղ ծրագիրը գործադրելու ջանքեր թափելը: Նշենք, որ 7-րդ յօդուածը որոշումներու գործադրութեան համար ուժի կիրարկումը կ՛արտօնէ:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «Ժընեւի ծրագիրը Ասատի հեռացում չի բովանդակեր»` աւելցնելով, որ իր երկիրը սուրիական կառավարութիւնը պիտի քաջալերէ իր յանձնառութիւնները գործադրելու, ինչպէս նաեւ պիտի ջանայ, որ Սուրիական ազատ բանակը եւս անոնց յանձնառու դառնայ: Ան նշեց, որ ընդդիմութիւնը արտասահմանէն զէնք կը ստանայ, իսկ արեւմտեան լրատուութիւնը հարցերը կը հրահրէ` աւելցնելով, որ «եթէ բարի կամեցողութիւնը ապահովուի` լուծումի պիտի հասնինք»:
Լաւրով ընդգծեց, որ Ժընեւի համաձայնութիւնը կը պահանջէ, որ սուրիացիները իրենք իրենց ճակատագիրը ճշդեն: Սակայն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ յայտնեց, որ Ժընեւի ժողովին բանաձեւը Ասատի իշխանութենէն հեռացումը կը հաստատէ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ ողջունեց Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ Ժընեւի համաձայնութեան նախապէս կարգ մը վիճելի կէտերուն նկատմամբ տրուած հաւանութիւնը: Ան նշեց, որ Ժընեւի ժողովը Սուրիոյ նկատմամբ միջազգային կեցուածքը միացնելու մէջ դրական յառաջդիմութիւն մը արձանագրեց: Ան յոյս յայտնեց, որ ապագային տակաւին վիճելի մնացող կէտերուն շուրջ եւս միաձայնութիւն գոյանայ:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիան զգուշացուց Թուրքիան գրգռելու հետեւանքներէն` սպառնալով «վճռական միջոցառումներ» որդեգրել:
Ան նշեց, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ թրքական օդանաւը վար առնելու քայլը պիտի չազդէ սուրիացի ժողովուրդին վարչակարգին դէմ պայքարին աջակցութեան վճռակամութեան վրայ: «Այս ոճիրը առանց թրքական պատիժի պիտի չանցնի», ըսաւ ան` վստահեցնելով, որ իր երկիրը պիտի ընէ այն ամէնը, որ միջազգային օրէնքը կ՛արտօնէ, եւ խիստ կերպով պիտի հակադարձէ սուրիական վարչակարգին կողմէ որեւէ նոր ոտնձգութեան:
Քալըն յայտնեց, որ թրքական բանակը Սուրիոյ նկատմամբ վարմունքի կանոնները փոխած է եւ սկսած է զանոնք Սուրիոյ սահմանին վրայ գործադրել: Ան ըսաւ, որ սուրիական որեւէ մեքենայ, որ սպառնալիք կրնայ ներկայացնել, անոր հետ իբրեւ սպառնալիք պիտի վերաբերուի: «Սուրիական վարչակարգը սկսած է վտանգ ներկայացնել ոչ միայն սուրիացիներուն, այլ նաեւ Սուրիոյ դրացիներուն` նախ եւ առաջ Թուրքիոյ», ընդգծեց Քալըն:
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ Սուրիոյ սահմանամերձ ոստիկանական կէտերուն մէջ «Սթինկըր» տիպի հրթիռներ դէպի Սուրիա ուղղուած են: Աւելի՛ն՛ թրքական բանակի բարձրաստիճան սպաներ կ՛այցելեն սահմանային կէտեր, ուր ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն:
Սուրիոյ հետ սահման այցելած են թրքական բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Հայըր Քըվրըքօղլու, որմէ ետք շրջան այցելած է նաեւ թրքական բանակի երկրորդ զօրաբաժինի հրամանատար զօր. Սերվեթ Եորուք:
Հրթիռները տեղակայուած են Սուրիոյ սահմանամերձ Օնճուփընար, Սուրուչ, Ռէյհանլը, Նուսայպին կէտերուն վրայ, իսկ անոնց գլխիկները արդէն ուղղուած են դէպի Սուրիոյ կողմը:
Սուրիական կողմին մէջ եւս զօրքի տեղաշարժը կը շարունակուի: Սուրիական բանակը Թուրքիոյ սահմանէն տասը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հալէպի Ազազ շրջանին մէջ ուղղաթիռներով կը շարունակէ ընդդիմադիրները հարուածել: Բախումներու ձայները կը լսուին եւ կրակը տեսանելի է Քիլիսի մօտակայքը:


