Մոռնինկսթարի` Ազրպէյճանի Մէջ Դեսպանի Թեկնածութիւնը Հաստատուեցաւ
Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը 29 յունիսի իր լիագումար նիստին Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար հաստատեց Ռիչըրտ Մոռնինկսթարի թեկնածութիւնը:
Ծերակուտականները հաստատած են նաեւ տասը այլ դեսպաններու թեկնածութիւնը` Միանմարի, Կամպիայի, Նեփալի, Մոնկոլիոյ, Միքրոնեզիոյ, Հասարակածային Կինէի, Մալտիւեան կղզիներու, Մոզամպիքի, Սուրնամի եւ Տաճիկիստանի մէջ:
Ծերակոյտին մէջ Մոռնինկսթարի դեսպանի թեկնածութեան հաստատուելէն ետք եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ երդում կատարելէ ետք, ան պիտի գործուղուի Ազրպէյճան:
CATEGORIES Միջազգային


