Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն համար վեց հոգի առաջադրած են իրենց թեկնածութիւնը: Անոնք են` Ճոն Մֆարրեժ, Նայիմ Աժայմի, Ֆատի Քարամ, Ուալիտ Ազար, Եուսեֆ Սքաֆ եւ Ժորժ Մաթար: Նշենք, որ Քուրայի մասնակի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 15 յուլիսին:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ զինեալ ուժերու յանձնախումբի փոխնախագահ, ծերակուտական Ճոն Մըքքէյն այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի ստուգէ հիւսիսային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններն ու հոն գտնուող սուրիացի գաղթականներուն վիճակը: Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ շաբաթավերջին վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելէ ետք Թուրքիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, երէկ կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց որդեգրելու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան եւ փոխադարձ ըմբռնումի լեզուն` հեռու մնալով բռնարարքներէ եւ իրարու վրայ կամք բանեցնելու տրամադրութենէն:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վերահաստատելու լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ջանայ լիբանանցիները երկրին պետութեան շուրջ համախմբել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա լիբանանեան առումով մեծագոյն ոճրագործն է աւելցնելով, որ ան կը շարունակէ ներկայանալ իբրեւ երկրին մէջ տիրող փտածութեան մարմնացումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին կարելի չըլլայ որոշ լուծման մը յանգիլ, ապա երկիրը պիտի ուղղուի դէպի յաւելեալ լարուածութիւն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը մերժէ, որ լիբանանեան պետականութիւնը իր օրով եւ իր իշխանութեան ժամանակաշրջանին փուլ գայ:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, որ Լիբանան ստացած է միջազգային եւ շրջանային խորհուրդներ, որոնց հիման վրայ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելը առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական խախուտ իրավիճակը ուղղակիօրէն կապուած է լիբանանեան պետութեան հանգամանքին բացակայութեան եւ ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած երկիրը ղեկավարելու ոճին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ճամբաները փակելու սովորութիւնը եւ անիւներու հրկիզումը մօտիկ ապագային վերջ պիտի գտնեն: Ան աւելցուց, որ իրենք մօտիկ ապագային դրական արդիւնքներու պիտի յանգին Լիբանանի ապահովութիւնը վերահաստատելու իմաստով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր երէկ նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ֆուատ Սինիորայի անունով իր արտասանած խօսքին մէջ պահանջեց շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ Մոհամետ Մերհեպի սպանութեան հարցը ներկայացնել քրէական յանցանքներու ատեանին: Ան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն պահանջեց պատժել յանցագործները` շեշտելով, որ անիկա լիբանանեան բանակին օգտին է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքաայի շրջանի պատասխանատու Մոհամետ Եաղի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն պաշտպանելու Լիբանանը եւ դէմ դնելու ամերիկեան-իսրայէլեան դաւադրութիւններուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ` օժանդակելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումին: Ան ընդգծեց, որ Սուրիա պէտք է յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ անոր դէմ ոտնձգութիւններ չկատարէ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ջուր չստացող քաղաքացիներուն իրաւունքն է ջուրի ծառայութեան տարեկան գումարը չվճարել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ կարգ մը նախարարներ պիտի չհրաժարին, որովհետեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ խիստ կարիքը ունի Լիբանանի կառավարութեան:
ԸՍՏ ապահովական վստահելի աղբիւրներու, Հըզպալլա կառչած պիտի մնայ երկրին մէջ որդեգրուած ապահովական ծրագիրին` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան գոյութիւնը պէտք է երաշխաւորել, որովհետեւ այս հանգրուանին դէպի անորոշութիւն մուտք գործելը սխալ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իրենց յարաբերութեան մէջ նոր էջ մը բացած են` աւելցնելով, որ յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան իրենց բնականոն վիճակին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի միջեւ քաղաքական եւ ընտրական նոր դաշինք մը սկսելու հաւանականութիւնները կան:

