«Մենք Համաձայնած Ենք Զէնքի Հարցը Լուծել Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Ընթացքին» Շեշտեց Ժոմպլաթ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Սայտայի մէջ յայտարարուած բաց նստացոյցը` աւելցնելով, որ Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւններն ու քաղաքական ուժերուն ղեկավարները համաձայնած են Դիմադրութեան զէնքին թղթածրարը լուծել Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին` դրական եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Սայտայի մէջ պատահածը ուղղուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն դէմ:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ անդրադարձաւ նաեւ «Ժատիտ» եւ «Մանար» կայաններուն դէմ կատարուած բռնարարքներուն` հաստատելով, որ անիկա դէպի 7 մայիս վերադարձ կը նկատուի եւ պէտք չէ սխալը սխալով լուծել:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

