ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Եւ Մարուն Ռասի Բնակիչներուն Միջեւ Բախում

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ Մարուն Ռասի բնակիչներուն միջեւ արձանագրուած է բախում մը, երբ լիբանանցի քաղաքացիներ ընդվզած են միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողմէ որոշ շրջաններ քամերայով նկարելու արարքէն եւ յարձակելով այդ ուժերուն վրայ` գրաւած քամերան:

Թինընթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերն ու լիբանանեան բանակը կը փորձեն շրջանին բնակչութեան հետ բանակցիլ` վերստանձնելու համար քամերան:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ իսրայէլեան օդուժը խախտած է Լիբանանի գերիշխանութիւնը` խզելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ կեղծ յարձակումներ գործելով լիբանանեան զանազան շրջաններու վերեւ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը խախտելու ծիրին մէջ, «էֆ. 16» տիպի իսրայէլեան օդանաւեր երէկ առաւօտեան Ռըմէյշի, Սայտայի, Իքլիմ Խարրուպի, Արքուպի, Հասպայայի, Ռաշայայի, Մերժահիունի, Թըպնինի, Թիպէի, Պընթ Ժպէյլի, Նապաթիէի, Ժեզզինի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն վերեւ գործած են ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ:

ՊԷՏՔ է նշել նաեւ, որ շաբաթավերջին լիբանանեան հողերէն առեւանգուած հովիւը` Եուսեֆ Մոհամետ Զահրա, շաբաթավերջին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ յանձնուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, որոնք իրենց կարգին զայն յանձնեցին լիբանանեան բանակին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES