Մուսաուի. «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները Այս Կամ Այն Կուսակցութեան Հետ Կապուած Չեն»

Նաուաֆ Մուսաուի

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան իսլամական ազգային միասնականութեան` աւելցնելով, որ լիբանանցիները քաջ գիտեն, թէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները այս կամ այն կուսակցութեան չեն վերաբերիր, այլ` կը բխին իսրայէլեան գոյացութեան էութենէն, այսինքն` ցեղապաշտական եւ ծաւալապաշտական անոր էութենէն:

Մուսաուի խստիւ դատապարտեց ուղղակի կամ անուղղակի կատարուող այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները, ներխուժումները կամ սանձազերծուած պատերազմները ուղղակի կապուած են Հըզպալլայի հետ, այլ խօսքով` Հըզպալլան է այդ կացութեան պատասխանատուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES