Հարաւային Լիբանանի Մէջ Թրքական Ուժերուն Կեցութեան Ժամանակաշրջանը Երկարաձգուեցաւ Մէկ Տարիով

Թուրքիոյ խորհրդարանը շաբաթավերջին վաւերացուց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ջոկատին աշխատանքներուն եւ կեցութեան ժամանակաշրջանին երկարաձգումը` մէկ տարիով, սկսեալ յառաջիկայ 5 սեպտեմբերէն:

Թուրքիոյ խորհրդարանը, վեցերորդ տարին ըլլալով, մեծամասնութեամբ թեր քուէարկեց այդ որոշումին` երկարաձգելով հարաւի մէջ ծառայող իր հազար զինուորներուն ստանձնած պարտականութիւնը:

Ըստ թրքական իշխանութիւններուն, թրքական ուժերուն կեցութեան ժամանակաշրջանը երկարաձգուած է մեկնելով այն իրականութենէն, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին տիրող պայմանները անհրաժեշտ կը դարձնեն թրքական ուժերուն ներկայութիւնը այդ հողերուն վրայ եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն անոնց ներկայացնելիք օժանդակութեան կարեւորութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES