Միքաթի Նասրի Խուրիի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Սուրիա Սահմանային Կայունութեան Հարցը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ ինք վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանան-Սուրիա միացեալ հարցեր, որոնք լուծման կարիքը ունին:
Խուրի շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթի յանձնառու է հետապնդելու բոլոր հարցերը եւ զանոնք լուծելու, յատկապէս ինչ կը վերաբերի տնտեսական ու ապահովական հարցերուն եւ սահմանամերձ շրջանին կայունութեան թղթածրարին:
Խուրի ընդգծեց Լիբանանի կառավարութեան եւ Ազգային երկխօսութեան նիստին կողմէ տրուած այն որոշումը, որ պէտք չէ Լիբանանը վերածել դէպի Սուրիա զինեալ խմբաւորումներ եւ զէնքեր փոխադրելու անցքի մը կամ կեդրոնի մը, որովհետեւ նման քայլեր կը բարդացնեն Սուրիոյ ներքին կացութիւնը:
Միւս կողմէ, Խուրի դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան եւ բանակին կողմէ սահմաններուն հսկողութիւնը խստացնելու յանձնառութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը:


