Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ղանայի Նախկին Նախագահը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ղանայի նախկին նախագահ, Սոմալիի մէջ Ափրիկէի խաղաղութեան համադաշնակցութեան յատուկ պատուիրակ Ճերի Ճոն Ռոլինկզը, որուն հետ քննարկեց Սոմալիի մէջ կատարած իր առաքելութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ Ղանայի միջեւ բարեկամութեան յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Սամիր Ժսըրի հետ, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:
Նախագահական պալատ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով յառաջիկայ 1 օգոստոսին կատարուելիք ձեռնարկին հրաւէրը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ «Ռեժի»-ի հաստատութեան վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց հաստատութեան աշխատանքները եւ անոր հետապնդած նոր ծրագիրները:


