ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Ֆրենժիէի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, այցելեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Եուսեֆ Ֆընիանոս:
CATEGORIES Լիբանանեան


