50 Տարի Առաջ ( 3 Յուլիս 1962 )
Կեանքը Այնճարի Մէջ
«Յառաջ» Վարժարանի
Ամավերջի Հանդէսը
Յունիս 23, շաբաթ օր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ տեղւոյս ազգային «Յառաջ» վարժարանի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի, վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ:
Բացման խօսքը ըրաւ վարժարանի տեսուչ Նարեկ քհնյ. Շրիգեան եւ անցաւ յայտագրի գործադրութեան: Եղան արտասանութիւններ, խմբերգներ, հայկական պար եւ Մուսա լերան շուրջպար` աշակերտութեան կողմէ, խլելով երկարատեւ ծափեր:
Հանդէսի վերջաւորութեան ներկայացուեցաւ «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-էն արար մը:
Վարժարանի միամեայ տեղեկագիրն ու հաշուեկշիռը կարդաց հոգաբարձութեան քարտուղար Թովմաս Հապէշեան եւ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:
Վարժարանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւը եղած է 324, կէսը աղջիկ, կէսը` մանչ: Ուսուցիչներուն թիւը 16 հոգի է, տնօրէնը, 8 ուսուցիչ եւ 7 ուսուցչուհի, որոնք ունեցած են ներդաշնակ եւ օգտակար գործունէութիւն:
Դպրոցի 1961-1962 տարուան պիւտճէն եղած է 25,000 լ.ո., որ կը գոյանայ կրթաթոշակներէ, պետական նպաստէն, միութիւններու եւ հաստատութիւններու տրամադրած գումարներէն եւ նուիրատուութիւններէ:
Ազգային բարերար հանգուցեալ Միհրդատ Տիգրանեանին զաւակը` Արշակ Տիգրանեան 1000 տոլար նուիրած է վարժարանի բարեզարդման համար, սրբազան հօր միջոցով:
Վեցերորդ դասարանի շրջանաւարտներուն վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ ձեռամբ սրբազան հօր: Հրաժեշտի եւ ողջերթի խօսքերը արտասանեցին Շուշան Փանոսեան եւ Սիւզան Գալուստեան:
Ապա սրբազան հայրը խօսքը ուղղելով 15 շրջանաւարտներուն` սքանչելի խրատական մը տուաւ եւ օրհնեց զանոնք:
Շրջանաւարտներուն անունները.
Շուշան Փանոսեան, Լուսին Քիւրտեան, Ազատուհի Աբրահամեան, Քնարիկ Աբրահամեան, Մատլէն Քիւսպեկեան, Ծաղիկ Հերկելեան, Զոհէ Գույումճեան, Մարի Քէշիշեան, Սերոբ Շերպեթճեան, Ժորժիկ Թաշճեան, Վարուժան Փանոսեան, Միշօ Սեպէեան, Սուրէն Անտեկեան, Մարտիրոս Ճանսիզեան եւ Վահան Քենտիրճեան:
Իսկ մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի օր: Եղան պարեր, արտասանութիւններ, մեներգներ եւ փոքրիկ զաւեշտներ: Այս տարի մանկապարտէզը ունեցաւ 35 շրջանաւարտներ:
Հանդէսէն ետք շրջանաւարտներուն ծնողները ըրին հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Եորկի Քիւսպեկեան` 200 լիբ. ոսկի, Մովսէս Մախուլեան` 100, տէր եւ տիկին Ժորժ Սեպէեան` 100, Փանոս Փանոսեան` 100, Յարութիւն Շերպեթճեան` 50, Յակոբ Փանոսեան 50, Մանուէլ Ճանսիզեան` 25, Սահակ Քիւրտեան` 25, Ասատուր Անտեկեան` 25, Սեդրակ Թաշճեան` 25, Թովմաս Հերկելեան` 25, Փանոս Աբրահամեան` 25, Յ. Գույումճեան` 25, Բաբգէն քհնյ. Քենտիրճեան` 25, Յաբէթ Աբրահամեան` 25, Շրջանային Միութիւն` 15 եւ Գէորգ Քէշիշեան` 10, ընդհանուր գումար` 850 լ. ոսկի:
Մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն ծնողներն ալ նուիրած էին 430 լ. ոսկի:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Ամավերջի Հանդէս
Ազգային Մեսրոպեան
Վարժարանի – Քարանթինա
Յունիս 27-ին, չորեքշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին Քարանթինայի Օգնութեան խաչի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Խորէն արքեպիսկոպոսին:
Հանդէսը սկսաւ լիբանանեան եւ դպրոցի քայլերգներով, որոնցմէ ետք տնօրէնուհին Վ. Մկրտիչեան ըրաւ իր բացման խօսքը եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Յայտագիրին գեղարուեստական բաժինին Ա. մասը կը բաղկանար խմբական եւ անհատական արտասանութիւններէ, որոնց պսակումը եղաւ արաբական ժողովրդական պարը (տապքէ)` Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներու կատարմամբ:
Յայտագիրին Բ. մասը սկսաւ ընթերցումովը տարեկան տեղեկագրին: Բծախնդրութեամբ եւ խնամքով պատրաստած իր տեղեկագրին մէջ տնօրէնուհին շեշտը դրաւ վարժարանին յարատեւօրէն բարձրացող կրթական մակարդակին վրայ, որուն վրայ կու գայ աւելնալ արաբական սերթիֆիքայի պատրաստող կրթական ծրագիր մը` զարկ տալով արաբերէնի ուսուցման: Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, թէ վարժարանին աշակերտութիւնը կանոնաւորաբար կ՛ենթարկուի բժշկական հոգածութեան` Լիբանանահայ բժշկական միութեան կողմէ տրամադրուած բժիշկով մը, յանձին տոքթ. Ժանեթ Չավտարեանի: Այս ազնիւ հոգածութեանը համար վարժարանի թաղականութիւնն ու տնօրէնութիւնը իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն բժշկական միութեան եւ ազնիւ օրիորդին:
Միեւնոյն տեղեկագրէն կ՛իմանանք նաեւ, թէ յառաջիկային դպրոցը պիտի օժտուի առանձին դարմանատունով մը, ինչպէս նաեւ զանազան նորոգութիւններով` շատ աւելի ներկայանալի վիճակ մը տալով դպրոցին: Մանկապարտէզի կահ կարասիներն ու դպրոցի նորոգութիւնը յանձն առած է «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը սիրայօժար կերպով եւ առաւելագոյն օժանդակութիւնը ցոյց կու տայ մեր դպրոցին: Աւելի՛ն, Թաղական խորհուրդը, ազգ. պատկան մարմիններու հետ համախորհուրդ, լուրջ աշխատանք կը տանի հողի գնման շուրջ` շուտով նոր դպրոց եւ եկեղեցի կանգնեցնելու համար:
Այս յուսադրիչ տեղեկագրէն ետք շարունակուեցաւ յայտագիրը:
Հրաժեշտի պահն է: Շրջանաւարտ աշակերտներու կողմէ հրաժեշտի ուղերձը կարդաց Արեգնազ Ասատուրեանը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազանին փոխանորդ Տրդատ վրդ. Քէշիշեան, որ որպէս պատգամ ըսաւ. «Օգնեցէ՛ք դպրոցին եւ եկեղեցիին, որպէսզի Աստուած ալ վարձահատոյց ըլլայ ձեր բոլորին»:
Հոգշ. հայր սուրբին այս խօսքերէն ետք իրենց վկայականները ստացան հետեւեալները. Արեգնազ Ասատուրեան, Անահիտ Մանուկեան, Անահիտ Պալեան, Քնարիկ Պոյաճեան, Սօսի Սահակեան, Մարգրիտ Տոնելեան, Լեւոն Գարակէօզեան, Յակոբ Գահրամանեան, Պետրոս Թըղլեան, Արշակ Սահակեան, Մելքոն Տամպուրեան, Մինաս Տոնելեան եւ Ժոզեֆ Պարութճեան:
Ի պատիւ այս տարուան այս 13 շրջանաւարտներուն, Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան նախաձեռնութեամբ, 17 յունիս 1962-ին տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը վարժարանին մէջ: Շրջանաւարտից միութիւնը կազմակերպած էր արտասանական մրցում մը, որուն ընթացքին պարտադիր արտասանութեան մէջ առաջնութիւնն ու երկրորդութիւնը խլեցին նոր շրջանաւարտներէն Մինաս Տոնելեան եւ Յակոբ Գահրամանեան, իսկ ազատ ընտրութեան առաջնութիւնն ու երկրորդութիւնը վիճակուեցաւ Սիւզան Մկրտիչեանին եւ Ռաքել Տեմիրճեանին:
Շրջանային միութեան վարչութեան ատենապետ Եփրեմ Զեքեանի հրաւէրով տնօրէնուհին ըրաւ իր փակման խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ միշտ վառ մնայ Մեսրոպեանի ջահը:
Գ. Ս. Կ.

