Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Վկայականաց Բաշխում
Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 յունիս 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի` առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին եւ նախագահութեամբ` գաղութի պատկան մարմիններու:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամով 2012-ը «Հայ գիրքի տարի» հռչակուելու յստակ պատկերը կը ցոլացնէր հանդիսասրահի գեղեցիկ զարդարանքն ու մեր անմահ գրագէտներու անմոռանալի տողերը:
Բացման խօսքով միջնակարգի հայ աւարտականներ պանծացնելով հայ դպրոցը, հայ գիրը, հայ գիրքն ու հայ լեզուն, խոստացան միշտ հաւատարիմ մնալ մեր աննման մայրենիին:
Այս տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը բացառաբար սահմանափակուած էր մանկապարտէզի եւ միջնակարգի աւարտական աշակերտներու կողմէ ներկայացուած հակիրճ, բայց կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրով:
Փոքր թէ մեծ աւարտականներ հանդէս եկան իրենց լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն, գեղեցիկ խօսքերով, երգերով, արտասանութիւններով եւ պարերով:
Վարժարանի տնօրէն` Վաչէ Հարմանտայեան, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ներկաներուն պարզեց վարժարանի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ, շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերով թուեց անհատներու, միութիւններու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու նպաստները, նիւթական թէ բարոյական, որոնք սատարած են վարժարանի գոյութեան եւ վերելքին:
Ապա միջնակարգի աւարտականներուն մաղթեց յաջողութեամբ պսակուած բարի երթ, պատուիրելով մնալ հա՛յ մարդ եւ հայկական պատկանելիութեամբ մի՛շտ հպարտ:
Վկայականներու բաշխումէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

