Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէսը
Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Հանդէսին կեդրոնական նիւթն էր «Մոխրիկը» հեքիաթը` իր պատմութեամբ, պարերով եւ երգերով:
Բեմի յարդարումը, տքնաջան աշխատանք` մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն, կը ներկայացնէր թագաւորական շքեղ պալատ մը` իր աշտարակներով, նաեւ` Մոխրիկին կախարդական ոսկեզօծ կառքը:
Հանդէսը սկսաւ ճիշդ ժամուն, յոտնկայս ունկնդրութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն:
Բացման աղօթքը կատարեց Ա. եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Հրայր Չոլաքեան:
Հանդէսին առաջին մասը սկսաւ պաշտամունքով` մասնակցութեամբ Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներու: Նիւթն էր` «Յիսուս փոթորիկը կը խաղաղեցնէ», զոր պատրաստած էր դպրոցին հոգեւոր տեսուչ Կարինէ Չոլաքեան: Ապա ներկայացուեցաւ հոգեւոր երգերու փունջ մը` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Հանդէսի պարային պատկերներուն կ՛ընկերանար պատմութեան նիւթը` մաս առ մաս:
Բողբոջ դասարանի փոքրերը ներկայացուցին մուկերու պարը: Ապա Ծիլ եւ Բողբոջ փոքրիկները պարեցին «Բոլորս կը պարենք» եւ կատարեցին արտասանութիւններ չորս լեզուներով:
Հեքիաթին նիւթին հետ տեղի ունեցաւ «Պարիկներու պար»-ը, Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն կողմէ, երբ պարիկ մը դդումը վերածեց արքայական կառքի եւ մոխրիկին պատռտած հագուստը` գեղեցիկ շրջազգեստի: Պարահանդէսի տօնակատարութեան ընթացքին Կոկոն դասարանի աշակերտները ներկայացուցին արաբական պար մը, իսկ Ծաղիկ կարգի աշակերտները` հայկական պար: Պարեցին նաեւ Իշխանազունը եւ Մոխրիկը: Ժամացոյցի 12 զարկերուն հետ Մոխրիկ վերադարձաւ իր տունը` հոն ձգելով արծաթագոյն կօշիկին զոյգը:
Ծաղիկ, Կոկոն, Բողբոջ եւ Ծիլ դասարաններու աշակերտութիւնը ելոյթ ունեցաւ մանկական երգերու փունջ մը ներկայացնելով չորս լեզուներով:
Մանկապարտիզպանուհի Յասմիկ Թորոսեանի հրաւէրով բեմ բարձրացան ներկայ հայրերը, իրենց զաւակներու ձեռամբ ստանալու համար ծաղկեփունջ մը` Հայրերու օրուան առիթով:
Ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որ կը ներկայացնէր մանկապարտէզի առօրեան եւ արտադպրոցական ձեռնարկներէն նկարներ, որոնց ներկաները հետեւեցան մեծ հետաքրքրութեամբ:
Մանկապարտիզպանուհիին հրաւէրով բեմ բարձրացաւ քոլեճիս տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն յանձնեց անոնց առաջին վկայականը:
Տնօրէնը վկայականներու յանձնումէն ետք շնորհաւորեց վկայեալները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ բարձրագոյն վկայականներ: Շնորհաւորեց նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին հայ դպրոցին, ուր կը ջամբուի քրիստոնէական, հայեցի դաստիարակութիւն, լեզուներ` հետամուտ ըլլալով անոնց մտային եւ ֆիզիքական բազմակողմանի զարգացման եւ պատրաստելու ապագայ տիպար հայը եւ մարդը:
Տնօրէնը իր գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքը փոխանցեց մանկապարտիզպանուհի Յասմիկ Թորոսեանին եւ մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն:
Օրհնութեան աղօթքը կատարեց պատուելի Հրայր Չոլաքեան:
Որպէս շնորհակալութիւն եւ գնահատանք` մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն նուիրուեցան ծաղկեփունջեր:
Վկայեալներուն շնորհաւորութիւնը տեղի ունեցաւ ներկաներու կողմէ:
Վկայական ստացան` Ուղուրլեան Քրիս, Չոլաքեան Մանէ, Քէշիշեան Արմինէ, Շրէյմ Ֆաթիմա եւ Պերեճիքլեան Մարալ:

