Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս
Վարժարանի 80-ամեակին եւ Հայ գրքի տարուան զուգադիպող Ազգ. Աբգարեան վարժարանի 2011-2012 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը` «Հին ու նոր հեքիաթներ» խորագրով ներկայացուեցաւ հանրութեան կիրակի, 24 յունիս 2012-ին, կ. ա. ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստուած բեմին վրայ տեղադրուած էր «Հին ու նոր հեքիաթներ»-ու մեծադիր գիրքը, որ նկարազարդարուած էր վարժարանի ուսուցիչ, արուեստագէտ Հրաչ Այնթէպլեանի կողմէ: Ծաղիկներով հիւսուած 80-ամեակը կը փայլէր բեմի ճակատին, իսկ բեմին փուչիկներն ու ծաղիկները տօնական զգացողութիւն մը կը փոխանցէին հանդիսատեսներուն:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկայացուեցաւ 2011-2012 կրթական տարեշրջանի Ա. եռամիսի իրագործումները ամփոփող տեսերիզը, որմէ ետք Նանոր Գոճայեանը (Բ. դասարանէն) եւ Էլիզ Բէբէեանը (Գ. կարգէն) սկսան ներկայացնել երկրի (Լալէ Մեղեդի Աբգարեան, Ա. կարգէն) ու երկնքի (Հրակ Մկրտիչեան, Ա. կարգէն) ստեղծման պատմութիւնը: Կենդանական աշխարհի ստեղծումը ներկայացուցին Ծիլ դասարանի աշակերտները` հաւկիթէն դուրս ելած ճուտիկներու պարով:
Մեծ մայրը թոռնիկին հետ ունեցած իր երկխօսութեամբ իմացաւ, որ իր թոռնուհին նախադպրոցական տարիքին իսկ արդէն սորված է պարել: Ծաղիկ եւ Ա. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Պարէ»-ն: Ան սորված էր նաեւ հաշուել, ու Բողբոջ դասարանի աշակերտները պարեցին «Սորվինք հաշուել»-ը:
Մեծ մայրը շարունակելով իր հեքիաթը` պատմեց, որ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին կազմուած են մեծ ու փոքր պետութիւններ, որոնք կազմած են բանակ` ամուր պահելու համար իրենց հայրենիքներուն սահմանները: Նախակրթարանի երգչախումբը ներկայացուց «Բանակի երգը»:
«Ամէն մարդ կը սիրէ իր հայրենիքը` իր մօրը նման եւ պէտք է ճանչնայ զայն որպէս մեր նախահայրերէն ժառանգուած մեծ հարստութիւն», ըսաւ մեծ մայրը իր թոռնուհիին, ու ահա Կոկոն դասարանը «Ուելքամ թու Արմինիա» գեղեցիկ պարով, իբրեւ օդաչու, հիւրընկալող հասաւ «Զուարթնոց» օդակայան, ապա նախակրթարանի աշակերտուհիները Հայաստանի այգիներուն մէջն էին իրենց հեզաճկուն պարով:
«Հայրենիքը միայն զինուորներով պէտք չէ ըլլայ հզօր, այլ նաեւ` իր մշակոյթով եւ քաղաքակրթութեամբ», ըսաւ մեծ մայրը թոռնուհիին եւ թելադրեց, որ պէտք է ճանչնալ մեր այբուբենը, որուն արձագանգեց նախակրթարանի երգչախումբը` «Հզօր Հայաստան» խմբերգով, որ առաւել ճոխացաւ դրօշակներու գեղեցիկ պատկերով:
2011-2012 տարեշրջանի Բ. եռամիսի գործունէութիւնը ցոլացնող տեսերիզի ցուցադրումէն ետք, թոռնուհին հրաւիրեց մեծ մայրը իր վարժարանի 80-ամեակի հանդիսութեան, եւ ահա, մանկապարտէզի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին իրենց սիրելի խմբերգները `«Ծափիկ ծափիկ»-ը, «Այբուբեն»-ը, «Լէօ կրան սերֆ»-ը, «Իլ էթէ էօն փէօթի նաւիր», «Թիրի եա ասֆուրա», «Ուահիտ, իսնէյն, սելեսէ» կենդանի պատկերներով եւ պարերով, որմէ ետք Ծաղիկ ու Ա. կարգի աշակերտները իրենց գունագեղ հագուստներով ներկայացուցին «Լիլի-լիլի» հայկական պարը:
Նախակրթարանի վերի կարգի աշակերտներէն` Հերա Տէտէեան, Հերմիկ Հայրապետեան, Քրիսթինա Կիւլեսերեան, Պօղոս Տօնիկեան, Փաթրիք Պարատղի եւ Պարոյր Տօնիկեան ներկայացուցին հայ դպրոցին եւ եկեղեցիին խորհուրդը ամփոփող Ժաք Յակոբեանի «Շինարար ոտքեր» խմբային արտասանութիւնը, որմէ ետք երգչախումբը ներկայացուց «Հայոց տառեր» գեղեցիկ երգը:
Աւարտական կարգէն Քրիսթինէ Կիւլեսերեանի արաբերէն ուղերձէն ետք երգչախումբը ներկայացուց ֆրանսերէն «Շանժէ լէ լարմ» խմբերգը: Զ. կարգէն` Հերա Տէտէեան, իբրեւ 80-ամեակի նորագոյն շրջանաւարտ, ամփոփեց վարժարանէն քաղած իր տպաւորութիւնները «81-րդ էջ» իր խօսքով: Հանդէսի գեղարուեստական յայտագրի եզրափակումը կատարեցին նախակրթարանի աշակերտները օղակներու գեղեցիկ պարով եւ 80 թուականի կենդանի պատկերով:
2011-2012 կրթական տարեշրջանի Գ. եռամիսի գործունէութեան ներկայացումէն ետք վարժարանի տնօրէնուհի Գեղանի Էթիեմեզեան հրաւիրեց Ազգ. Աբգարեան վարժարանի նախկին աշակերտ, «Բագին»-ի խմբագրապետ Յակոբ Պալեանը, որ 80-ամեակի իր պատգամը փոխանցէ հանդիսականներուն: Ան անդրադարձաւ նուազ յարմարաւէտ պայմաններու տակ գործած թաղականներու, ուսուցիչներու խորունկ հաւատքին եւ իրագործումներուն մասին, հայ ինքնութեան օրրան` հայ դպրոցի հաստատման եւ պահպանման ի խնդիր: Խօսքը ուղղելով ծնողներուն` յայտնեց, որ համաշխարհայնացման ընդհանուր այս մթնոլորտին մէջ շատ մեծ պատասխանատուութիւն ունին այսօրուան մեր ծնողները, որոնք օրինակ պէտք է դառնան իրենց զաւակներուն` իրենց ընթերցասիրութեամբ, հայեցիութեամբ եւ ամուր կեցուածքով: Օտար դպրոցը ինքնութեան գիտակցութիւն երբեք չի կրնար փոխանցել մեր զաւակներուն, ըսաւ ան: Իրաւունք չունինք զանոնք օտարացնելու, անդիմագիծ մարդ դարձնելու:
Տնօրէնուհին Յակոբ Պալեանը պատուելէ ետք վարժարանի 80-ամեակի յուշանուէրով, հրաւիրեց առաջնորդ հայրը միասնաբար բաժնելու վկայականները եւ փոխանցելու իր պատգամը: Վկայականաց բաշխման ընթացքին նաեւ պարգեւատրուեցան Զ. կարգի առաջնակարգ աշակերտներէն` Հերա Տէտէեանը «յոյժ գնահատելի», Քրիսթինա Կիւլեսերեանը «շատ լաւ», Պօղոս Տօնիկեանը` «լաւ» արդիւնքներուն համար:
Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմէն վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Սեդա Մածունեանին, պարի ուսուցիչ Րաֆֆի Պարսամեանին, թատրոնի ուսուցիչ Իրմա Տէտէեանին, երգի ուսուցիչ Սիլվա Տեմիրճեանին եւ նկարչութեան ուսուցիչ Հրաչ Այնթէպլեանին եւ բոլոր ուսուցիչներուն, որոնց միասնական աշխատանքով բազում իրագործումներու կողքին, յաջողութեամբ պսակուած էր ամավերջի այս հանդէսը:
Առաջնորդ հայրը շնորհաւորեց տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը` հայաբոյր այս հանդէսին համար եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Յակոբ Պալեանը հրաւիրուած է իբրեւ պատգամախօս 80-ամեակի այս հանդիսութեան: Շնորհաւորեց ծնողները եւ թելադրեց անոնց, որ առաջնորդեն իրենց զաւակները հայկական դպրոց, ուր ոչինչ կը խնայուի անոնց բարձրորակ ուսում ջամբելու եւ հայ ինքնութիւն կազմելու համար:

