Այնճարի Հայ Աւետարանական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 16 յունիս 2012-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի փոքրիկները անհամբեր էին ներկայացնելու իրենց սորվածները` ծնողներուն եւ բարեկամներուն:

Սրահը լեցուն էր ներկաներով, երբ փոքրիկները իրենց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ մտան Հետուիկ սրահ:

Ունկնդրելէ ետք լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները, աշակերտները սկսան յայտագրի գործադրութեան Ա. մասին, որ հոգեւոր բաժինն էր: Անոնք երգեցին հոգեւոր երգեր, սաղմոս եւ աղօթք մը ըսին ներկաներուն:

Այս տարուան նիւթն էր «Հայ գիրքը»:

Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, որուն մէջն էին Մեսրոպ Մաշտոց, Սասունցի Դաւիթ, Պույ-պույ մկնիկը, Փանջունին եւ այլ հերոսներ: Անոնք նաեւ արտասանեցին «Հայ լեզուն» եւ ուխտեցին հաւատարիմ մնալ հայ լեզուին:

Ապա բեմ բարձրացան Ծիլ դասարանի փոքրիկները` «Մենք մանուկներ» ազգային երգով իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած հայկական դրօշակը:

Բողբոջ դասարանի փոքրիկները ներկայացուցին մանուկներու սիրելի բարեկամ «Պույ-պույ մկնիկը» եւ ձեռքերուն մէջ տերեւներ` պարեցին:

Կարգը հասած էր Կոկոն դասարանի աշակերտներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւր աշակերտ իր վրայ ունէր ձեռային աշխատանքով  շինուած եւ անոնց իւրաքանչիւրին վրայ կար հայկական մանկական գիրքի մը պատկերը եւ հեղինակին անունը: Անոնցմէ յիշենք «Մանուկներու Աստուածաշունչ»-ը, «Այբբենարան», «Նետենք բռնենք», «Անբան Հուրին», Շունն ու կատուն» եւ այլն:

Հանդէսին կենդանի պատկերը առնուած էր Յ. Թումանեանի հեքիաթներէն «Անբան Հուրին»: Բոլոր դասարանները բեմ բարձրացան` ներկայացնելով հեքիաթին հերոսները կենդանի պատկերով եւ պարերով:

Յայտագրին վերջընթեր բաժինը տեսերիզի ցուցադրութիւն մըն էր, որուն նիւթն էր «Հայ ենք մենք»: Այս տեսերիզով կը ցուցադրուէին մանկապարտէզի աշակերտներուն տարուան ընթացքին կատարած ազգային եւ հայկական դաստիարակութիւն ջամբող աշխատանքներէն: Կային նաեւ Հայաստանէն եւ հայ անուանի հայերուն նկարները:

Վերջապէս հասած էր հանդէսին վերջին բաժինը, երբ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ծաղկեփունջերով իրենց ծնողները պատուեցին եւ բեմ բարձրացան` ստանալու իրենց առաջին վկայականը: Անոնք նաեւ հրաժեշտի խօսք ըսին մանկապարտէզին:

Դպրոցի տնօրէն վեր. Ր. Մսըրլեան վկայականաց բաշխումէն ետք խօսքը ուղղեց աշակերտներուն եւ ծնողներուն ու պատուիրեց կառչած մնալ հայ գիրքին եւ քաջալերեց ընթերցանութիւնը:

Հանդէսը աւարտեցաւ  «Հայր մեր»-ով եւ առաքելական օրհնութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES