Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս
Երեքշաբթի, 12 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխում: 11 աշակերտներ (Գալայճեան Քրիսթին, Քէօշկերեան Ճենիֆըր, Քէշիշեան Տեսիլ, Գիզիրեան Մարիա, Նաճարեան Քրիսթին, Նագգաշեան Սթեֆանի, Գալայճեան Գէորգ, Քիւրքճեան Տանիէլ, Ֆիլիկեան Վահէ, Սիմոնեան Մայքըլ, Թաշճեան Կարօ) աւարտելէ ետք մանկապարտէզի եռամեայ ծրագիրը` ստացան համապատասխան վկայականը:
Հանդիսութիւնը կը բովանդակէր հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն խմբային երգեր, արտասանութիւններ, պարեր, թատրոն:
Աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան: Ան յորդորեց ծնողները` հպարտ զգալու իրենց վարժարանով, ուր կը ջամբուի հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, նաեւ յաւելեալ թափ կը տրուի արուեստի, ինչպէս` երգի, պարի, եւ այլն: Ան նաեւ կոչ ուղղեց ծնողներուն` յաւելեալ ժամանակ տրամադրել իրենց զաւակներուն, կարեւորութիւն տալ անոնց, հոգատարութիւնը չխնայել, սէր եւ գուրգուրանք ցոյց տալ, նոյնիսկ եթէ անտրամադիր կամ յոգնած ըլլան: Տնօրէնը օրինակ բերելով վարժարանի նշանաբանը` «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը», ցաւ յայտնեց, որ ներկայիս հայութիւնը հեռացած է եկեղեցիներէն, եւ կոչ ուղղեց ամէն կիրակի եկեղեցի յաճախել նաեւ սորվեցնել մեր զաւակներուն` եկեղեցի երթալ:
Տնօրէնի խօսքին յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւն եւ վկայականներու յանձնում, որմէ ետք վարժարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

