Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը
Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 յունիս 2012-ին, ժամը 10:30-ին, քոլեճի սրահին մէջ: Հանդէսին նիւթն էր «Շրջապտոյտ Հայաստանի մէջ»:
Բեմը վերածուած էր փոքրիկ Հայաստանի. հոն զետեղուած էին Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի, Ս. Էջմիածինի, Արարատ լերան եւ Մատենադարանի ձեռակերտները:
Տարբեր երկիրներէ հայորդիներ կը հասնին Հայաստանի «Զուարթնոց» օդակայանը եւ կ՛ընդունուին «Խանամիրեան զբօսաշրջութեան» առաջնորդին կողմէ:
Հանդէսի ընթացքին զբօսաշրջիկները յատուկ հանրակառքով առիթը կ՛ունենան պտտելու Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ ծանօթանալու անոնց պատմութեան ու աւանդութիւններուն:
Պտոյտի ընթացքին իւրաքանչիւր հայորդի Հայաստանի պատմական վայրերը կը բաղդատէր իր ապրած երկրին յատկանիշներուն եւ աւանդութիւններուն հետ: Օրինակ` Ս. Էջմիածինը եւ Իտալիոյ Վատիկանի Ս. Պօղոս եկեղեցին, Երեւանի տուֆ քարերը եւ Յունաստանի ճերմակ տուները, Հայաստանի Սարդարապատի յուշարձանը եւ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան յուշարձանը, Արարատ լեռը եւ Լիբանանի Սաննին լեռը:
Հայաստանի կողքին, այլ երկիրներու պատմութեան ծանօթանալէ ետք ներկայացուեցաւ այդ երկրին պարը:
Մանկապարտէզի բոլոր դասարանները երգեցին «Ով եմ ես» եւ «Երանի» երգերը:
Հանդէսը եզրափակուեցաւ աշակերտներուն կողմէ ներկաներուն ուղղուած հետեւեալ խօսքով. «Բոլորս կը գտնուինք մեր հայրենի հողէն դուրս` մեր երկրորդ հայրենիք Լիբանանի մէջ, կը յաճախենք հայկական դպրոց, կը սորվինք ու կը խօսինք հայերէն եւ ինչպէս տեսաք, աշխարհի վրայ ո՛ւր որ ալ ըլլանք պիտի մնանք հայ»: Ապա անոնք արտասանեցին Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքը` «When two Armenians meet anywhere in the world, see if they will not create a new Armenia» եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդւոյս» բանաստեղծութենէն տուն մը` «Ու տես որդիս, ուր էլ լինես, այս լուսնին տակ ուր էլ գնաս, թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»:
Հանդէսը փակուեցաւ «Վարդավառ շարան» խմբային պարով, որ արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութեան:
Ապա վկայական ստացող աշակերտները իրենց խօսքին մէջ հաստատեցին, որ թէեւ ճիշդ է այն, որ իրենք հայրենիքէն դուրս կը գտնուին, սակայն հպարտ եւ ուրախ են, որ օտար հողի վրայ նոյնիսկ հայօրէն կը մեծնան ու կը դաստիարակուին շնորհիւ հայկական դպրոցին եւ անոր տարած սրբազան առաքելութեան:
Հանդէսի աւարտին քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, ըլլան անոնք թեմի առաջնորդ հայրը, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մնայուն բարերար տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Միրէյ Խանամիրեանները, ուսուցիչ, ծնողք, խնամակալ, ծնողաց յանձնախումբ, շրջանաւարտից միութիւն, պաշտօնէութիւն, անհատ բարերարներ, բարեկամներ, միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք ճիգ չէին խնայած «պարտէզին ծիլերը ծաղիկի վերածելու եւ զանոնք իբրեւ փունջ նախակրթարան փոխանցելու»: Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ Մասիս վրդ. Զոպույեան եւ ըսաւ, թէ այսպիսի յաջող եւ գեղեցիկ հանդէս մը չի կրնար քանի մը շաբթուան արդիւնքը ըլլալ, այլ` տարիներու ժրաջան աշխատանք, ուստի գնահատեց Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճը, որ տարիներ շարունակ տուած է բերրի հունձքեր, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունեցած են լիբանանահայ գաղութին մէջ եւ անոնց արձագանգը հասած է նաեւ համայն սփիւռքահայութեան: Ապա յանձնուեցան մանկապարտէզի վկայականները հետեւեալ շրջանաւարտներուն` Բալիկ Պօղոսեան, Կարինէ Մելքոնեան, Հելենա Քէշիշեան, Վանայ Թաթօ, Գօգօ Աղպոշեան եւ Քրիսթոֆըր Թաթօ: Մասիս վրդ. Զոպույեանի «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:
Այս հանդէսով անմեղ մանուկները իսկական ոգեւորութիւն եւ յուզում պատճառեցին ներկաներուն` յաջողելով 1 ժամուան ընթացքին զանոնք փոխադրել հայրենիք եւ շրջագայութեամբ մը այցելել սփիւռքահայութեան գտնուած հիմնական երկիրները: Ներկաները հանդէսի ամբողջ տեւողութեան մեծ ու լարուած հետաքրքրութեամբ հետեւեցան աշակերտներուն եւ անոնց սրտին մէջ շողաց հայրենիքի արեւը:
Վարձքը կատար բոլորին:

