Ազգ. «Յառաջ» Մանկապարտէզի «Ծաղիկ»ները Ստացան Վկայական

Շաբաթ, 16 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Յառաջ» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որուն աւարտին Ծաղիկ դասարանը ստացաւ աշակերտական կեանքի իր առաջին վկայականը:

Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեան յաջորդեց մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեանի բացման խօսքը:

Ան հրաւիրեց ներկաները իրենց ջերմ գնահատանքով ու ծափողջոյններով մասնակից դառնալու մանկապարտէզի աշակերտութեանց կողմէ ներկայացուելիք յայտագիրին, որ կը միտի ամրապնդել հայ գիրերու գիւտը, հայոց լեզուի կարեւորութիւնը, հայ գիրքին պաշտպան մնալու անհրաժեշտութիւնը, տարածելու այն սէրը, որ կը մարմնաւորէ ու կենդանի կը պահէ ազգային գիտակցութիւնն ու արժէքները:

Իր խօսքի աւարտին Լենա Սթամպուլեան երախտագիտական զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան ու բոլոր անոնց, որոնք յարատեւ աշխատանք կը տանին ի նպաստ հայ կրթօճախին ու անոր բարգաւաճումին, վարժարանի յարկին տակ հասակ առնող նորահաս սերունդի առողջ կազմաւորման ու վերելքին:

Օրուան հանդիսավարներն էին Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, որոնք իրենց արտայայտչական խօսքերով անգամ մը եւս անդրադարձ կատարեցին հանդիսութեան թեմային` հերթաբար հրաւիրելով Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն դասարաններու աշակերտները` երգով, պարով ու արտասանութեամբ (հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով) ծաղկեցնելու բեմը, որուն յարդարանքին յաւելեալ փայլք սփռեցին, երբ իրենց ոտանաւորներու թէ երգչախմբային կատարումներուն միախառնեցին բեմական ու պարային շարժումներ` ցուցանակներու ու ձեռային աշխատանքներու օգտագործումով:

Ծիլ դասարանը «Շրջանակ կազմենք»-ի պարային շրջագիծը փորձեց կազմել` վանկարկելով «Ա-Բ-Գ-Դ» երգը: Ապա «Կախարդական ծաղիկներ»-ու յայտնութիւն մը ծաղկեցուց բեմը պալէի իւրայատուկ մանկական պարով մը: Բողբոջը երգով ներկայացուց «Ո՛վ եմ ես»-ը եւ պարային ցուցադրութեամբ իր առօրեան` «Իմ օրը»: Կոկոն ու ապա Ծաղիկ դասարանները Թումանեանի հեքիաթը հիւսելով` երգերով ներկայացուցին «Հաֆ-հաֆիկ», «Իմ լաւ շնիկ» եւ «Շունն ու կատուն», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ վարժարանի գեղարուեստի դասատու Նարինէ Գրիգորեանի:

Կոկոն դասարանը բեմին ցնծութիւնը գունագեղ կոկոն արեւներով իր գագաթնակէտին հասցուց «Վառ շողա՛» պարի ելոյթով:

«Ինքնաշարժներ», «Աստղեր» եւ «Էյ, պի, սի» արաբերէն ու անգլերէն երգերով աշակերտները իրենց ղեկերը վարելու, երթեւեկութեան կանոնները յարգելու պատրաստակամութիւնը ցոյց տուին եւ բեմին վրայ աստղեր բարձրացուցին:

Այնուհետեւ, «Կախարդական ծաղիկներ»-ու հմայքին տակ Ծաղիկ դասարանը իր շոգեկառքը բեմ բարձրացնելով` «Ուրախ գնացքով» հրաժեշտ տուաւ մանկապարտէզին պարային յատուկ մշակումով մը (պարուսոյց` Նարինէ Գրիգորեան) եւ բեմ բարձրացաւ վկայեալ դասարանի տարազով:

Հայոց այբուբենին, հայ գիրքին ու Յ. Թումանեանի հեքիաթին նուիրուած երգով, պարով ու պատմողական ընդմիջումներով մանկապարտէզի աշակերտները յայտնեցին իրենց երախտագիտութիւնն ու սէրը` հայ գիրքին ու հեքիաթին նկատմամբ, պարային կշռոյթին տակ տօնախմբելու այդ ուրախութիւնը ու զայն «բաշխելու» հանդիսատեսներուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ յայտնեց, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին կը բացուի անոնց առջեւ նախակրթարանի դարպասը, ուր նոր պարտէզը առաւելաբար հարուստ է գիրքերով:

«Գիրքեր, որոնք տրամաբանութիւն կը հիւսեն, մտածելակերպի ուղղութիւններ կը բանան. գիրքեր, որոնք արձանագրուած յիշողութիւններ կը փոխանցեն, պատմական-մշակութային ժառանգութիւն կը ներկայացնեն. գիրքեր, որոնք լեզու կը դարբնեն, ներաշխարհ կը պեղեն. գիրքեր, որոնք թռիչք կու տան, հաւատք կը ներշնչեն եւ հորիզոններ կը բանան:

«Այս բոլորին մէջ, տարբեր է հայ գիրքը. անիկա նախ ձերն է, ձեր սեփականը. անիկա կը սերի բազմաչարչար մատեաններէն, ձեր նախնեաց միտքի եւ լոյսի արգասիքն է:

«Հայ գիրքը ձեր ինքնաճանաչողութեան բանալին է»:

Տնօրէն Արմէն Թաշճեան վկայեալ աշակերտներուն յայտնեց. «Հիմա, որ հրաժեշտ կու տաք մանկապարտէզին եւ ամբողջացուցած էք ծաղկելու քառամեայ հանգրուան մը, ձեր գոյները կը հմայեն մեզ եւ ձեր բուրմունքը խայծ կու տայ նոր եռանդի մը»:

Ան իր խօսքը եզրափակեց` իր կարգին շնորհաւորելով վկայեալ աշակերտները, ծնողներն ու վարժարանի մեծ ընտանիքը եւ հրաւիրեց գիւղի ծխատէր քահանան` Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանը, խնամակալութեան ատենապետ տոքթ. Խաժակ Այնթապեանն ու վարիչ մանկապարտիզպանուհին, որպէսզի միասնաբար կատարեն վկայականաց բաշխումը:

Ապա մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները բեմ բարձրացան ցտեսութեան կանչերով, եւ հրավառութեամբ հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին:

Մանկապարտէզի վկայական ստացան.

Աբրահամեան Արինա, Այնթապեան Արենի, Այնթէպլեան Գետակ, Աշգարեան Մհեր, Գազանճեան Անի, Գարագաշեան Աշոտ, Գալուստեան Կալի, Գէորգեան Մարք, Թասլաքեան Փաթիլ, Լահհամ Լուիս, Համմատ Միլատ, Հապէշեան Ալինա, Հերկելեան Լուսի, Հերկելեան Կարէն, Յովսէփեան Զոհրապ, Սեւերեկլեան Գարոլ, Տատուշեան Անժելինա:

Share this Article
CATEGORIES